ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտիրու (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Ռուսաստանի մէջ։

Ըստ մեր նախնիներու պատկերացումներուն, սկիզբը Ծովն էր՝ Ծիրանի Ծովը: Ծովը կը ծնի աստուածներու առաջին զոյգը: Անոնք Ծովի մէջ արարեցին սրբազան բլուր-լեռը եւ կոչեցին Դուին: Ապա Դուինի ստորոտը կառուցեցին իրենց կացարանը, որ կոչուեցաւ Գանձ: Անոնցմէ ծնունդ առին հզօր աստուածները:
Ֆրանսական «Շնայտէր էլէքթրիք» ընկերութիւնը կը ծրագրէ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:
Ախալցխաի քաղաքապետարանը հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կտուրի վերանորգման համար 10 հազար լարի յատկացուցած է: Ընդդիմութիւնը դէմ է տուեալ գաղափարին՝ պատճառաբանելով, որ իշխանութիւնը նախընտրական քայլ կ՚ընէ, աւելցնելով իրենց ընտրողներու թիւը:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է յաջորդ ամիս։ Պաքուի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ պիտի մասնակցի Թրքական աշխարհի ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համաժողովին։