ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւս մասնակցեցաւ նստաշրջանի Աֆղանիստանի վերաբերեալ ժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տավուտօղլու միեւնոյն ժամանակ առանձնազրոյներ ունեցաւ սոյն հաւաքին առթիւ Անթալիա այցելած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթէնպէրկի հետ։

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պոլսոյ արտացոլանքներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը:
Օփերայի յայտնի մեներգչուհի սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսով մը իր արուեստի համակիրներու դատին յանձնեց նոյնաժամանակ երեք ձայնասկաւառակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ամբողջ ստեղծագործական կեանքի մը փոքրիկ մէկ մասն է՝ հանրագումարի բերուած երեք ձայնասկաւառակի մէջ, ուր Արաքս Մանսուրեան լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինքը»։
Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կոչ ուղղեց, որպէսզի իր երկիրը վերատեսութեան ենթարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը։ «Ճէրուզալէմ փոսթ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Քնեսեթի նախագահը յարմար կը նկատէ, որ վերատեսութեան ենթարկուի Իսրայէլի դիրքորոշումը ըստ որու հայոց եղեռնը կը նկատուի մարդկութեան դէմ բարոյական բիծ մը։