ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԷՔԿԷՕԶԵԱՆԻ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՆՐԳՄԱՆՈՒԱԾ «ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔ» ՎԷՊԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ
Ահմէտ Համտի Թանփընարի անունը կրող Իսթանպուլի գրական փառատօնը այս տարի կը կայանայ 4-8 Մայիս թուականներուն միջեւ՝ «Քաղաք եւ սահմաններ» կարգախօսով։ Ի շարս բազմաթիւ գրողներու, այս տարի փառատօնին կը մասնակցի նաեւ Երեւանէն Յովհաննէս Թէքկէօզեան, որու «Փախչող քաղաք» վէպը թրքերէնով ալ տպագրուած էր «Այրընթը» հրատարակչատունէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի թարգմանութեամբ։
Եւրոպական միութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է երեսփոխանութեան թեկնածու, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երէկ առաւօտ Սկիւտարի շրջանի փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Սկիւտարի քաղաքապետութեան զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաճաշը, որուն ներկայ գտնուեցան ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավար Հալիտ Հըզըր եւ նոյն մասնաճիւղի փոքրամասնութեանց գծով պատասխանատու Նուրճան Ալթըն։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները:
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրը կեդրոնացած է միակ օրուան մը վրայ, սակայն կարեւորը անոր լուծուիլն է։ Երէկ, Դիւանագիտական թղթակիցներու միութեան անդամ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ամերիկացի դեսպանը կարծիքներ արտայայտած է Թուրքիոյ օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։
