«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ, Մայիսի 27-ին, տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին քսանչորրորդ նիստը։ Ծանօթ է, որ հիմնադրամի աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ու մեծ ներդրում կը բերեն անոր քսանհինգ տեղական մասնաճիւղերը, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի քսաներկու երկիրներուն մէջ։

Սերժ Սարգսեան. «Եւրոպական օրակարգը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազը անդրադարձաւ Տողու Փերիչէքի գործին:
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Այս կարճատեւ շփումներուն շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ Փլաթինի յատուկ թռիչքով մը Երեւան մեկնեցաւ իր այս անպաշտօն այցելութեան համար։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց երկրի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս Էրնէքեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։
Հայաստան կը ջանայ նոր ուղղութիւն մը տալ Եւրոմիութեան հետ իր համագործակցութեան: