ԵԸԼՄԱԶԷՐԷՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ
Լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով երէկ երկրորդ անգամ ցուցմունքներ տուաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի պետ Ալի Ֆուատ Եըլմազէր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այդ ցուցմունքները տուաւ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ յառաջ տարուած հետաքննութեան շրջագծով։
Երէկ, Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնը փայլուն հանդիսութիւններով նշուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Սարտարապատի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ զինուորական շքերթ։


Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան յայտարարեց, թէ Երեւան կ՚ակնկալէ յառաջիկային Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու սկսիլ՝ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ջնջման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ունեցած ելոյթին ընթացքին Կարէն Նազարեան ըսաւ. «Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը խորացնելու հարցին մէջ մենք կը կարեւորենք նաեւ մարդոց միջեւ աշխոյժ շփումները։