ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն բերումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ նախորդ գիշեր (Ապրիլի 20-21) ժամը 05.15-ի սահմաններուն՝ պատահեցան բախումներ։



Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Լիւքսեմպուրկ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոպական միութեան եւ անոր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Հաւանական է, որ ան յարակից հանդիպումներ ալ ունենայ այս շրջագծով։

Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանին մէջ սկսաւ «Կանաչ մոլորակ» բնապահպանական միջազգային մրցոյթի հայաստանեան փուլը: Արդէն երրորդ տարին է, որ միջազգային այս մրցոյթի կազմակերպիչները ճեմարանին կը վստահին տարածքաշրջանային փուլի կազմակերպումը: