Լրահոս

ԱՄՆ ՆՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՈՒՑ ԵՄԷՆԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ նոր հարուածներ հասցուց Եմէնին։ Այսպէս, թիրախաւորուեցան հուսիներու «Անսար Ալլահ» ապստամբական շարժման կառոյցները։ Ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, ռմբակոծուեցան հուսիներու քանի մը թիրախները, ուրկէ նոր յարձակումներ կը նախապատրաստուէին։

ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄ

Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան օրակարգով իրազեկման յատուկ նիստ մը եւ ընդունուեցաւ համապատասխան որոշում մը:
Յամառ պայքարի վճռակամութիւն:
Հաքան Ֆիտան եւ Եաշար Կիւլէր երեսփոխաններուն նկատառման յանձնեցին բոլոր ուղղութիւններով առնուած ազդու քայլերն ու ռազմավարական նախաձեռնութիւններու ընդհանուր ծիրը:

ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն Տաւոսի մէջ կը մասնակցի՝ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Նախագահ Խաչատուրեան երէկ Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորին հետ։

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԱՂԸ ՊՈՒՏԱՓԵՇՏ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Պուտափեշտ պիտի այցելէ՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հրաւէրին ընդառաջ։ Էրտողան եւ Օրպան պիտի գլխաւորեն Թուրքիա-Հունգարիա բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի 6-րդ ժողովը:

ՔԱՐՏԷՍՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել կարելի չ՚ըլլար Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցման հետեւանքով։ Ան համոզուած է, թէ այդ պայմանագիրը պէտք է կնքուի քարտէսներու հիման վրայ եւ առանց քարտէսներու՝ որեւէ լուծում խնդրայարոյց կ՚ըլլայ։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԿԱՐԱՆԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ

Անգլիական հեղիկանաւոր «The Economist»ը 2024 թուականի վերաբերեալ կանխատեսումներու շրջանակին մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուց Հարաւային Կովկասին։ Այսպէս, Ուքրայնայի հակամարտութիւնը չէ դադրած եւ այս համայնապատկերին վրայ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։

Էջեր