ՄԱՐԳԱՐԱՅԻ ԱՆՑԱԿԷՏԸ ՊԱՏՐԱՍՏ
Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Կարէն Թամազեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը արդէն պատրաստ է շահագործման։
Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Կարէն Թամազեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը արդէն պատրաստ է շահագործման։
«Stratfor»ի կանխատեսումներով, Հարաւային Կովկասէ ներս ի սպառ պիտի չդադրի Մոսկուայի ազդեցութիւնը:
Ամերիկացի վերլուծաբանները լրջօրէն հաշուի կ՚առնեն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ նոր յարձակման մը հաւանականութիւնը:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Զուիցերիա։ Այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի տարեկան հաւաքի բացման ճիշդ նախօրեակին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2019 թուականէն ի վեր աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ սկսած են խուսափիլ պարտադիր զինուորական ծառայութենէ եւ բարձրացած է այդ պատճառով հետախուզուողներու թիւը։
Հայաստանի արդարադատութեան փոխ-նախարար Արմենուհի Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը նախատեսուի երկրէն ներս դադրեցնել պատուաւոր կոչումներու շնորհումը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին վերատեսութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ պատուաւոր կոչումներու շրջանակը։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւնները արդէն այնպիսի համեմատութիւններու հասած են, որ միջազգային դերակատարները հաշուարկներ կ՚ընեն ըստ այդմ դիրքաւորուելու համար։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ են Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանն ու ռուս սահմանապահները։
Աթէնք աջակցութիւն կը յայտնէ Երեւանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին:
Յունաստան պատրաստակամ՝ հնարաւոր բոլոր ուղղութիւններով Հայաստանին սատարելու:
Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագիր Սերկէյ Փարաճանովի արձանը։ Այս տարի մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակը կը նշուի եւ այս յոբելեանը կը նշանաւորուի մայրաքաղաքի մէջ անոր արձանի զետեղմամբ։
Միրզոյեան. «Երեւան եւ Պաքու շատ մօտ ապագային կրնան հասնիլ խաղաղութեան հաստատման»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու հերթական բանակցութիւնները նախատեսուած են այս ամսավերջին:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսը, որ երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան։