ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Հաքան Ֆիտան նշեց, որ յունուարի 6-ին Էնթընի Պլինքըն պիտի ըլլայ իր հիւրը, այսպէս ծրագրուած է ներկայիս, եթէ վերջին պահուն փոփոխութիւն մը չըլլայ։
Հայաստանի Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամանորի գիշերը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ չհեռարձակուելուն կապակցութեամբ։
Իրանի Քիրման քաղաքին մէջ երէկ պատահած իրերայաջորդ պայթումները մեծ թիւով զոհեր խլեցին եւ մտահոգութիւն յառաջացուցին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս տարեմուտին Մոսկուայի մէջ մահացած է ռուսահայ համայնքի տիրական եւ խորհրդանշական դէմքերէն մին, որ կը վայելէր յարգանք ու կը դասուէր ռուսահայ հեղինակաւոր գործիչներու շարքին։
2024 թուականի առաջին օրը Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը։ «Ազգային կամքի հարթակ»ի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած այս հանրահաւաքը քաղաքի պատմական կեդրոնի սիրտին վրայ համախմբեց շուրջ 250 հազար հոգի։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրականեանի պատգամը՝ 2024 թուականի տարեմուտին առթիւ:
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը երէկ վերջին պահուն, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին Ամանորի պատգամը պիտի չհեռարձակէ կէս գիշերէն առաջ։
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններն ու անոր վրայ գործուած վերջին յարձակումները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսա խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումը։
Հայութիւնը 2024 թուականը կը դիմաւորէ մեծ յոյսերով ու նոյնքան մեծ՝ յուսախաբութեան ռիսքերով։ Հակասութի՞ւն թէ ճակատագիր… Նոյն հարցումն է բոլորի մտքին մէջ. ինչպիսի՞ տարի մը պիտի ըլլայ։