Լրահոս

ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ՈՍՏՈՒՄ

Ֆրանսական աշխարհահռչակ «Christian Dior» վաճառանիշի ստեղծագործական տնօրէնը՝ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան այս շրջանին նոր ոստում մը կ՚ընէ իր բնագաւառին մէջ։ Իր վերջին յղացումը եղաւ «J՚adore l՚or» բոյրը, որ հրապարակ հանուեցաւ «Dior» նորաձեւութեան տան կողմէ։

ԾԱՌԸ…

Ծառը բնութեան մաս կազմող սոսկական «բնակիչ» մը չէ։ Խորունկ է անոր իմաստը։ Բուն ու կոճղ, արմատներ, ճիւղեր ու տերեւներ․ ասոնք ծառ էակին անդամներն են։

ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հարաւային Կովկասի դերակատարներուն միջեւ դիւանագիտական շփումները այս շրջանին կը խտանան։ Երէկ, իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Բաց աստի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ հարցեր։

ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

AFP հաղորդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 1 յունուար 2024 թուականի դրութեամբ կազմալուծման ուղղեալ հրամանագիրը ջնջուած է։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան անցեալ սեպտեմբերի 26-ին ստորագրած էր այդ հրամանագիրը։

ՓՐԱԿԻ «ՇԱՐԼ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ԴԷՊՔ. 15 ԶՈՀ

Փրակի մէջ երէկ պատահեցաւ սահմռկեցուցիչ դէպք մը, որուն 15 հոգի զոհ գնաց, իսկ 25 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Չեխիոյ մայրաքաղաքի «Շարլ» համալսարանը մուտք գործած Տաւիտ Քոզաք հրացանով սարսափելի դէպք մը իրականացուց։

ԽԱՂԱՂ ԱՐԳԵԼԱԿՈՒՄ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ կատարած է՝ ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը գտնուին ամենէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ՝ փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով:

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով, որ նոր շրջանը բարեբեր ըլլայ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

Էջեր