ԽՆԴՐԻ ՄԷՋ ԽՆԴԻՐ
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած չէ։ Նայեցէ՛ք Քոսովայի օրինակին. մէկուկէս միլիոն մարդ այդտեղը լքելէ վերջ՝ վերադարձած էր ՄԱԿ-ի ազդեցութեամբ»:
«Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Ատրպէյճանը այսօր հարցեր լուծել կ՚ուզեն։ Արեւմուտքի աջակցութիւնը գերկարեւոր է, որպէսզի Հայաստանի կորուստները չշարունակուին»:
«Պաքու-Երեւան գործընթացները անիմաստ են առանց երաշխաւորի»:
«Արեւելք-Արեւմուտք ճանապարհը կրնայ միջերկրականը կապել Կասպից ծովով ու դուրս գալ-երթալ մինչեւ միջին ասիա»:
Բնութեան կենսունակութեան վառ ապացոյցներէն մին է բոյսերու վերակենդանացման ու վերանորոգութեան ընդունակութիւնը։ Այո՛, բոլոր արարածները կը ծնին, կ՚ապրին ու կը մեռնին, սակայն, սա փակ շրջան մը չէ՝ որպէս այդպիսին եւ այդ շարունակականութիւնը կը պարփակէ յարատեւութիւն մը, որ բնութեան կենսունակութեան բո՛ւն դրսեւորումը կը հանդիսանայ։
«Xana Gardens» ընկերութիւնը տակաւին չէ պատասխանած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նամակին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Ազգային ժողովի նախագահ Բաբգէն Արարքցեան։ 79 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ականաւոր պետական-քաղաքական գործիչ ու գիտնական Բաբգէն Արարքցեան, որ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած էր հայոց պետականութեան ակունքներուն մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ միջպետական սահմանէն զօրքերու հայելային ետքաշման գաղափարին շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները քննարկումներու օրակարգին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդած չեն։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 28-րդ համաժողովի (COP28) աւարտին՝ գրեթէ 200 երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի սկսի հանածոյ վառելանիւթի համաշխարհային սպառման նուազեցումը՝ կլիմայի փոփոխութիւնը կանխելու համար։
Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսի՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու (LLDC) նախարարական հանդիպումը։ Սա ՄԱԿ-ի հետ միասին Հայաստանի մէջ ցայսօր կազմակերպուած ամենամեծ ձեռնարկներէն մին պիտի ըլլայ։
Շահնազարեան. «Հանրութիւնը չի պատկերացներ աղէտի չափերը։ Խաղաղութիւնը փաստաթուղթ մը չէ, այլ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան արդիւնք է»:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցեր։