ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՅՄԸՆ ՄՈՐՏԻՈՒԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, Պրիւքսէլի մէջ ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 75-ամեակին ձօնուած բարձրաստիճան յոբելենական ձեռնարկներուն։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
Կեանքի փիլիսոփայութիւն ըսուածը յաճախ կը վերագրուի անհատներու։ Սա, ընդհանուր ընկալմամբ, տուեալ անձի դիրքաւորումը կը պայմանաւորէ՝ ուրիշներու եւ աշխարհի երեւոյթներուն նկատմամբ։ Բազմութեան մէջ այդ մէկը ձեւով մը ռազմավարութեան կը վերածուի՝ քանի այդ զանազանութեան մէջ կրնան բաղխիլ կեանքի փիլիսոփայութիւնները։
Ժոզէֆ Պորէլ. «Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ Եւրոմիութեան ուժեղ աջակցութիւնը»:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած վերջին զրոյցին ընթացքին քննարկեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու խաղաղութեան բանակցութիւնները։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պուէնոս Այրէս, ուր մասնակցեցաւ Արժանթինի նորընտիր նախագահ Խաւիէր Միլէյի երդման արարողութեան։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրները լուծելու ամենամեծ հնարաւորութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը վնասէ Հայաստանին։
ՄԱԿ-ի կլիմայի գագաթաժողովը աւարտին հասնելու վրայ է։ COP28-ի աշխատանքները յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի եզրափակուին։ Մինչ այդ, Տուպայի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքոյթին առթիւ օրերէ ի վեր դարձեալ ահազանգ կը հնչէ՝ երկրագունդի հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ։