ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հրաւէրին ընդառաջ։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Իրան վերջին շրջանին Պաղեստինի հրատապ իրադարձութիւններուն կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։
Կալաթասարայի վոլէյպոլի կանանց կազմին կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն:
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը (1920-2020)» մենագրութեան շնորհանդէսը։ Որպէս Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւն լոյս տեսած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ռուպինա Արթինեան։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման դարադարձին ձօնուած յոբելենական տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Շաբաթավերջին այնքան փայլուն հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, որ բովանդակ երկիրը տակաւին կը մնայ անոնց ազդեցութեան տակ։ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու հրճըւանքէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ թրքահայ համայնքային շրջանակներուն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը մաս կը կազմեն Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրներուն։
Թուրքիա աշխուժութիւն կ՚ակնկալէ Եւրոմիութեան հետ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան գծով:
«Stratfor» հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնը վերջերս գնահատական մը հրապարակեց՝ Ատրպէյճանի Հայաստան ներխուժելու հաւանականութեան շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, առաւել հաւանական նկատուած են փոքրածաւալ ներխուժումները։
Վիլնիուսի համալսարանէն ներս հաստատուեցաւ «Կարապետ Պապայեան» հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կրթական հիմնադրամը։ Երէկ համալսարանի վերատեսուչն ու հիմնադրամի հիմնադիրը կնքեցին համապատասխան համաձայնագիրը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական փայլուն տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին ստեղծեցին աննախընթաց մթնոլորտ: