ՎԻՐԹԻՒԷՕԶԸ ՊԱՅԹԵՑՈՒՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԲԵՄԸ
Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեանի Երեւանի համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Ան իսկապէս խոր տպաւորութիւն մը գործած է ունկնդիրներուն վրայ։ Երաժշտական մեկնաբաններն ալ կը մատնանշեն Արա Մալիքեանի անբացատրելի ուժանիւթը, կատարողական անկրկնելի վարպետութիւնը։
Թեհրան կը ջանայ յառաջիկային կազմակերպել արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով մը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ քաղաքիս Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութիւնը (RUMVADER) հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ տարեմուտի երկրաշարժին հետեւանքները մեղմելու ուղղութեամբ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը ոգեկոչեց իր հիմնադիրները։ Հաստատութենէն ներս աւանդական դարձած հիմնադիրներու օրը արդէն 68-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ քաջալերելու համար նոր սերունդը՝ մանաւանդ խրախուսելու անոր կրթական վերելքը։
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ։ Կազզէի հատուածին վրայ բառին բուն իմաստով կրակ կը տեղայ՝ մինչ միջազգային հանրութիւնը կը բարձրաձայնէ իր խոր մտահոգութիւնը, սակայն գործնական իմաստով ոչինչ ընել կարելի կ՚ըլլայ։
Պրիւքսել կը միջնորդէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը չկրցաւ ժամանակաւոր հրադադարի կոչ ուղղել:
Երեւանի «Շարլ Ազնաւուր» մշակոյթի եւ արուեստի պետական քոլէճի շրջանաւարտներէն Դաւիթ Կիրակոսեան «Ալմաթին իմ սրտին մէջ-2023» (Almatym Juregimde-2023) երիտասարդ կատարողներու կառավարական ամենամեայ երգի միջազգային մրցոյթի մրցանակին արժանացած է:
Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «ՌէԱնիմանիա» անիմասիոն ժապաւէններու եւ պատկերապատման արուեստի միջազգային փառատօնը։ Այսպէս, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ, հոկտեմբերի 22-28 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ «ՌէԱնիմանիա» Երեւանի միջազգային անիմասիոն ժապաւէններու փառատօնը։