ՕԴԱՊԱՐԻԿՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ օդագնացութեան միջազգային փառատօն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Օդապարիկներով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու շրջանակէն ներս թռիչքներ տեղի ունեցան թէ՛ մայրաքաղաք Երեւանի եւ թէ շրջաններու երկինքին։
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի սարսափելի դրուագներով։ Կազզէի սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւնները կ՚արիւնեն համայն մարդկութեան խիղճը։
Պաքու կը պնդէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի Սթրազպուրկի վերջին ելոյթին հռետորաբանութիւնը կը խաթարէ՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարները:
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի մահուան տարելիցները մէկ կողմէ, անշուշտ, շատ տխուր են, իսկ միւս կողմէ ձեւով մը կենսունակութեան առիթ կը դառնան իր թողած մեծ աւանդի վերարժեւորման ու վերարտադրման առումով։
«ԵՄ առաջին անգամ ներգրաւուած է Հայաստանի անվտանգային օրակարգին, մենք պատրաստ ենք առաւել մօտ ըլլալ ԵՄ-ին այնքան, որքան ան հնարաւոր կը համարէ»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանին մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Սթրազպուրկ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կազմակերպեց՝ 149 ուղեւորով Թել Աւիւ-Երեւան յատուկ թռիչք մը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ զգուշացուց. «Անդունդի եզրին ենք»։ Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Իսրայէլ թոյլ տայ դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութեան, իսկ «Համաս»ն ալ ազատ արձակէ գերիները։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը պատրաստ է սահմանը բանալու եւ ներկայիս գնդակը կը գտնուի թրքական կողմի դաշտին մէջ։
Շաբաթավերջին Արցախի մայրաքաղաքը Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնապէս ծածանիլ սկսաւ Ատրպէյճանի դրօշը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Արցախի նախագահի ապարանքի շէնքին առջեւ ան պաշտօնապէս բարձրացուց իր երկրին դրօշակը։