ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վահագն Խաչատուրեան եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին:
Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ:
Վահագն Խաչատուրեան եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին:
Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ:
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին՝ յունիսի 24-ին նախատեսուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Իր նմաններու շարքին 33-րդ ժողովին ժամանակ պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2022 թուականի գործունէութիւնն ու ելմտական հաշուետուութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուա մտահոգ է, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի կազմը 2022-2023 եղանակի ախոյեանը դարձած է՝ ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպեքի գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Հանրապետութեան նախագահին։
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աննկարագրելի բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։ Պաքու մէկ կողմէ կը պնդէ, որ կը ձգտի Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, սակայն դաշտի վրայ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կ՚իմաստազրկեն այդ առերեւոյթ պատրաստակամութիւնը։
Դաշինքը Ուքրայնայի պարագային կը մշակէ ծրագիր մը, որուն շուրջ Թուրքիա ունի վերապահութիւններ:
Եաշար Կիւլէր եւ Լոյտ Օսթին հանդիպում մը ունեցան ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի շրջանակին մէջ:
Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ դարձեալ կրակի տակ առաւ Հայաստանի սահմանակից Երասխը:
Իլհամ Ալիեւ. «Երեւան պէտք է ուղղակի թուղթի վրայ ամրագրէ այն, ինչ որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութենէն վերջ Թուրքիոյ շփումները վերստին կը խտանան միջազգային գործընկերներուն հետ։ Անգարա նոր շրջանին համար դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններու կը պատրաստուի՝ մանաւանդ, որ նշանակուած է նաեւ նոր արտաքին գործոց նախարար մը. յանձինն Հաքան Ֆիտանի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի բժիշկ Սերժ Սիմոնեան։ «Նոր Յառաջ»ի մէջ այս կապակցութեամբ կը կարդանք հետեւեալը.-
Յունիս 13-ին, ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մին՝ վիրաբոյժ տքթ. Սերժ Սիմոնեանը, որ կեանքէն հրաժեշտ առաւ 85 տարեկանին։
Անգարա Թեհրանը կը թիրախաւորէ՝ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ որդեգրած ընթացքին համար:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Պաքուէ վերադարձի ճանապարհին դրուատեց Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը: