ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԻՄՇԷՔ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄՇԱԿԵԼ
Տնտեսութեան բնագաւառի մարտահրաւէրները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ հրատապ օրակարգը։ Յետընտրական շրջանին իշխանութիւնները արդէն կը պատրաստուէին այս ոլորտին մէջ ազդու քայլերով հանդէս գալ։
Ազգային մեծ ժողովը արդէն կը ձեւաւորէ իր նոր շրջանի դիւանը։ Երէկ, խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Նուման Քուրթուլմուշ, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի կողմէ։ Քուէարկութեան առաջին երկու փուլերուն ան չկրցաւ ապահովել անհրաժեշտ 400 ձայնը։
Անգարայի ղեկավարութեան նոր յառաջատար դէմքերը արդէն գրեթէ ամբողջութեամբ յայտնի դարձած են։ Այս շրջանակէն ներս Պեշթեփէի մէջ ալ պաշտօնի կը կոչուին նոր դէմքեր, որոնք յառաջիկայ շրջանին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի անմիջական գործակիցները պիտի ըլլան։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Երեւան-Պաքու հերթական բանակցութիւնները։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի՝ յունիսի 12-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ։
Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հաշմանդամներու դաշնակցութեան վարչայիններէն Յարութիւն Էրկիւնէշը։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ յիշեալ դաշնակցութենէն այլ դէմքեր։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս նոր նախարարաց խորհուրդին անդրանիկ նիստը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը գլխաւորէ նոր նախարարաց խորհուրդին նիստը:
Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին տպաւորութիւններ փոխանցած է՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնամուտի արարողութեան առթիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Անգարա կատարած այցելութեան շուրջ։
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կը շարունակէ միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հետեւորդներուն պաշտամունքի եւ ընկերային կեանքը՝ իսկապէս վառ դրուագներով կը ցոլացնէ այս ցուցահանդէսը, որ ներկայիս կը կրկնուի Յունաստանի Ռոտոս կղզիին մէջ։