ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՀԱՊԿ-Ի ՀԱՍՑԷԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ երկրին դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները հրամայական կը դարձնեն հասցէական արձագանգը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կողմէ։
Երեւանի Մատենադարանին մէջ կը սկսի ձեռնարկներու շարք մը, որ ձօնուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարելիցը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյց»ին մէջ։
Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան գործիքներուն մէջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան կը նախատեսուի բանակցութիւններու նոր փուլ մը. վայրն ու ժամկէտը անորոշ:
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կ՚անդամակցի ԵԺԿ-ին։
Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիանկ այս օրերուն շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Սա չինացի վարչապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ պաշտօնի կոչուելէ վերջ։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Աշխարհահռչակ հայազգի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան վերջերս յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախաձեռնութեամբ։ Այս տարի երաժշտական աշխարհը կը տօնախմբէ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ բաց հաղորդակցութիւնը կրնայ կանխել թիւրիմացութիւնները: