ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի մէջ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ մարտական անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութեան ընդարձակման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի մէջ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ մարտական անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութեան ընդարձակման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութեան հաղորդումներ ըրին Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի կացութեան վերաբերեալ։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող կամուրջներն ու ճանապարհները ենթակայ են շահագործման։
12 հոգիէ բաղկացեալ նորընտիր թեմական խորհուրդին գլուխը անցաւ ատենապետ Ռիշար Ղազարեան:
Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի պատգամաւորական հերթական ընդհանուր ժողովը գումարուած:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։
Երկրաշարժի ցնցումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւան կ՚աջակցի նաեւ Դամասկոսին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ:
Ուաշինկթընէն տեղեկացուեցաւ, որ Շարլ Միշել կը պատրաստուի մէկտեղել Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը:
Մոսկուա-Պրիւքսել առանցքին վրայ թէ՛ շփումներ եւ թէ հակադրութիւններ՝ Հարաւային Կովկասի կապակցութեամբ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած «Թրանս-Կովկաս»ի նախագիծը կը թուի, որ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնն է: Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն՝ Չավուշօղլու նշած է, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմանի եւ քառակողմանի ձեւաչափերով կ՚աշխատին օգտագործել այդ կարելիութիւնները:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսէ այցելել Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ռուս նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունենայ փետրուարի 27-28-ին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատէ։
Հարցազրոյց «Ազատութիւն»ին. «Լաւ առիթ ներկայացած է, մեծ ողբերգութիւն մը տեղի ունեցած է, իսկ ողբերգութիւններու շուրջ պետութիւնները կրնան գալ գլուխ-գլխի»:
Վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան կը մեկնաբանէ Հայաստանէն Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան քայլը. «Մենք լո՞ւրջ պետութիւն ենք, թէ պետութիւն չենք. սա է խնդիրը»: