ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Անգարա բարձր կը գնահատէ Երեւանի աջակցութիւնը՝ այս քայլը կարեւորելով նաեւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ապագայ խորացման տեսակէտէ:
Աղէտի ծանր հետեւանքով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Հայաստանէն փրկարարներու ջոկատ մը հասաւ Թուրքիա. Էրտողան եւ Փաշինեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը:
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ կը դառնայ աւելի ծանր եւ ցնցիչ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 6957-ի։
Քահրամանմարաշի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն պատահած 7.6 սաստկութեամբ նոր ցնցումին ալ ազդեցութեամբ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը բազմապատկուեցաւ: Երկիրը բազմաթիւ քաղաքներու պարագային կը դիմագրաւէ աննկարագրելի փլուզումի մը մարտահրաւէրը՝ մինչ պետութիւնը կը ջանայ բոլոր ուղղութիւններով հոգալ կարիքները:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց սաստիկ երկրաշարժին, որու ծանր հետեւանքներու լոյսին տակ զօրակցութեան եւ վշտակցութեան պատգամներ հնչեցուց Անգարայի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւններուն։
Հուլուսի Աքար տեսակցեցաւ Սերտար Քըլըչի հետ, Մեհմէտ Մուշ խօսեցաւ սահմանադուռերու բացման մասին:
Լեռնային Ղարաբաղը արդէն ուր որ է երկու ամիսէ ի վեր պաշարուած վիճակի մէջ է։ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախը կտրուած է թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ աշխարհէն։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Կովկասի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմէն յետոյ խաղաղութեան ու կայունութեան համար կարեւոր հնարաւորութիւն մը ի յայտ եկած է։ Նախարարի խօսքով՝ Թուրքիոյ նպատակն է, որ Հարաւային Կովկասը եւս ըլլայ խաղաղութեան ու կայունութեան տարածաշրջան մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ նախընթաց օր ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ Սինան Աքսու նշանակուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն։
«Արցախի ինքնորոշման հարցը ժամանակավրէպ չէ, բայց տրամաբանութիւնը պէտք է ըլլայ աւելի մտածուած, պէտք է աւելի ճիշդ դիրքաւորուիլ ժամանակակից աշխարհին մէջ»:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապի խորացումը զգայուն հարց մըն է Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն տեսակէտէ: