ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ Սպիտակ ցանկի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին:
Մատակարար մարմնի գործող կազմի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ գործակից ընկերները շաբաթավերջի քուէարկութեան սեմին ի ցոյց կը դնեն իրենց գործունէութեան հաշուեկշիռը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Փրակի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը դրական կը համարուի։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախարարը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին ուղղեալ դրական ժեսթեր նկատած է օդային մարզի բացումն ու ուղիղ թռիչքներուն սկսիլը։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները համաձայնութիւն գոյացուցին, որպէսզի Հայաստան ուղարկուի քաղաքացիական առաքելութիւն մը, որ պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով՝ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանազատման աշխատանքներուն նպաստելու համար։
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդ. ժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ հայ ժողովուրդի գոյապահպանումի հազարամեայ անկոտրում բնազդը:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ ձեռնարկուած յարձակումներու հետեւանքներու վերացման ուղղեալ ամերիկեան կողմին ջանքերը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի այցելել Պուլկարիա։ Տեղւոյն «Արաքս» հայկական հիմնադրամին հրաւէրին ընդառաջ, համոյթը հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի վիճակահանութիւնը։ D խմբաւորումը գոյացաւ հինգ ազգային հաւաքականի մասնակցութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-