ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովը այսօր կը գումարուի Երեւանի մէջ՝ պատմականօրէն ծանր գոյաբանական մարտահրաւէրներով պայմանաւորուած իրադրութեան ներքեւ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը յարատեւ առաքելութիւնը յամառ կամքով յառաջ կը տանի՝ իր ծով փորձառութիւնն ու միջոցները ի սպաս դնելով հայոց անկախ պետականութիւնը առկայ փակուղիի հետեւանքներէն խնայելու առաջադրութեամբ: Աշխարհատարած կազմակերպութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած ջրբաժանին դիմաց շարժման կ՚անցընէ իր ազդու եւ հզօր ցանցի ամբողջ ներուժը, ինչ որ ճակատագրական նշանակութիւն ունի այս փուլին:
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ գլխաւորուած համագումարի մասնակիցները երէկ յարգանքի այց մը տուին Եռաբլուր եւ ուղեւորուեցան դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամները լսեցին, նաեւ իրենց խոնարհումը բերին բարեյիշատակ ու երախտաշատ ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի եւ կողակցին՝ Մարի Մանուկեանի շիրմին առջեւ:
Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին տեսակէտէ նախընթաց օր Փրակի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը շարունակեն յատկանշական մնալ ու պայմանաւորել այժմու օրակարգը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համատեսքով կարեւորեցին ուղիղ շփումներն ու բարձր մակարդակի հանդիպումները՝ կարծիքներ փոխանակելով նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն շուրջ:
«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Սահմանի երկայնքով ԵՄ առաքելութիւն պիտի իրականացնէ»:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առաջին դէմքերու միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջանէն ի վեր առաջին երես-երեսի տեսակցութիւնը:
Söyleşimizin genelinde dikkatler İstanbul ikinci bölge üzerinde yoğunlaşıyor. Hem kronolojik olarak ilk oylamanın Ortaköy Vakfı için yapılıyor olması hem de bölgenin yoğunluğu bu durumu anlaşılır kılıyor.
Ատրպէյճան երէկ Հայաստանին յանձնեց 17 ռազմագերի։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցան անոնց անունները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ ժամը շուրջ 21.30-ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրակ բացին Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ՝ օգտագործելով ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափով հրաձգային սարքաւորումներ։ Հայաստանի բանակի պատասխան գործողութիւններէն վերջ կրակը դադրեցուած է։