ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ
Վարչապետ Փաշինեան հաստատեց մասնակցութիւնը Փրակի հաւաքին, որու ծիրէն ներս կը ծրագրուի նախագահ Էրտողանի հետ տեսակցութիւնը:
«Երբ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը բացուին, շատ բան կը քննարկուի։ Սա կախուած է մեր զրոյցէն, սա մեր առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ»:
Հայաստանի առկայ ճակատագրական իրավիճակին մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը շարունակէ հետեւիլ յանձնառու ընթացքի։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթէնեան երէկ տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներուն մասնակցութեամբ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ ներկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը ունեցաւ Անգարայի մօտ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկավայի հետ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով կը քննարկուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ստեղծուած ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի պատկան մարմինները կազմակերպեցին ուղեւորութիւն մը, որպէսզի Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու պատուիրակութիւնները այցելեն այն սահմանամերձ շրջանները, որոնք Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով տուժած են լրջօրէն։
Վերլուծաբան Տը Վաալի կանխատեսումը. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գլխուն աւելի փոթորկուն ամպեր կը կուտակուին»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս կիրակի՝ հոկտեմբերի 2-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Ժընեւի մէջ։
Հնդկաստան Հայաստանին պիտի տայ հրթիռային համակարգեր, ռատարներ եւ հակահրասայլային հրթիռներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ջանքերով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։