ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Դեսպան Մհեր Մարգարեան. «Մենք կը ստանանք հաղորդումներ, ըստ որոնց փխրուն հրադադարը վտանգի տակ է։ Կան հաւաստի ապացոյցներ, թէ Ատրպէյճան նոր յարձակման կը պատրաստուի՝ ներառեալ Նախիջեւանի կողմէն, որպէսզի հասնի իր նպատակին եւ Հայաստանի տարածքով բանայ արտատարածքային միջանցք»:
Երեւանի մէջ դարձեալ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետը տեղեկացուց, որ հայկական կողմը արդէն 135 նահատակ ունի, սակայն այս թիւը տակաւին վերջնական չէ։ Նիկոլ Փաշինեան իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ կ՚ունենայ Վլատիմիր Փութինի, Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Էնթընի Պլինքընի հետ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովա յայտարարեց, որ կողմերու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստական աշխատանքները չեն դադրած, հակառակ լարուածութեան։
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան՝ այս օրերուն Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովն ալ առիթ կը հանդիսանայ Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապի քննարկման։ Սամարղանտի մէջ են Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ։ Էրտողան եւ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունենալով քննարկեցին իրավիճակը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Մինչ ամբողջ հայաշխարհը մտահոգութեամբ, տագնապած կը հետեւի Հայաստանի ենթարկուած յարձակումներուն, Պերճ Սեդրակեանի այս նախաձեռնութիւնը թարգման կը հանդիսանայ անոր սպասումներուն։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները իսկապէս ծանր հետեւանքներ ունեցան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի բանակէն 105 զինուոր նահատակուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլօմեթր բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումներուն ժամանակ։
Էրտողան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթին եւ ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովի նստաշրջանին կը մասնակցի:
İçişleri Bakanımız Sayın Süleyman Soylu Beyefendi'yle ülkemizdeki azınlık topluluklarının temsilcileri arasında gerçekleşen son buluşma, cemaat vakıflarımızın uzatmalı seçim sorununun çözümü bakımından bir dönüm noktası teşkil edecek niteliktedir. Yeni seçim yönetmeliğinin yayımlanması sonrasında, bu toplantı sonucunda sağlanmış olan geniş tabanlı mutabakatlar Türkiye Ermeni toplumunun uzun zamandır kangrenleşmiş bazı sorunları karşısında çözüm ufku yaratmaktadır.
Ատրպէյճանի բանակը, կրակի խտութեան երէկուան յարաբերական թուլացումէն վերջ, այս առաւօտ վերստին սաստկացուց յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն դէմ: Նախայարձակ գործողութիւնները, ըստ վերջին լուրերուն, թափով կ՚ընթանան Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանի զօրքերը կէս գիշերին Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեցին. կան նահատակներ, վիրաւորներ, կը թիրախաւորուին նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Վարչապետը երեսփոխաններու հարցումներուն կը պատասխանէ խորհրդարանէն ներս, ուր ներկայ է նաեւ ընդդիմութիւնը: