ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը նախընթաց օրուան վերջին ժողովի աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը:
Ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած, բոլոր միջոցներով պիտի պահպանուի երկրի անկախութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Նախկին արտաքին գործոց նախարարը կը խորհրդածէ հերթական յօդուածով մը. «Ի՞նչ եղած է իրականութեան մէջ, ի՞նչ կարելի է ընել»:
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին միջնորդութեամբ երէկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Սփիւռքը…»։ Հալէպէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Գէորգ Պետիկեան իսկապէս կ՚առանձնանայ իրեն սերնդակից հեղինակներու շարքին։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին ի յիշատակ քաղաքիս մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հոգեհանգստեան աղօթք մը։ Մինչ թագուհին Լոնտոնի մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ, նախօրէին քաղաքիս Անգլիական պալատի համալիրէն ներս, Սուրբ Հելէն մատրան երդիքին տակ միջեկեղեցական աղօթք մը կազմակերպուեցաւ՝ նախաձեռնութեամբ Անկլիքան եկեղեցւոյ քաղաքիս հոգեւոր հովիւին՝ Հայր Իըն Շըրուուտ Վարդապետին։
Սփիւռքահայ վարժարաններն ու անոնց շրջանաւարտները խրախուսելու ճանապարհին վերջին շրջանին ձեւաւորուած շատ դրական ու ողջունելի նախընթացի մը վերածուած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է՝ քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումներու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որ ձեւով մը Ուաշինկթընի կողմէ Երեւանի ի նպաստ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արտայայտուած զօրակցութեան մը դրսեւորումը կը համարուի։
Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին միջեւ հանդիպումներ:
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները տեղւոյն վրայտեղեկութիւններ ստացան՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար էտուարտ Ասրեանի կողմէ։ Հայկական կողմը կը բարձրաձայնէ ՀԱՊԿ-էն յուսախաբութիւնը: Ատրպէյճան 8.5 քիլօմեթր լայնութեամբ ճակատով՝ մինչեւ 7.5 քիլօմեթր խորութեամբ մխրճուած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք. իր բանակի որոշ խումբեր եւ ջոկատներ կը գտնուին հայկական զօրքերու հսկողութեան տակ, նաեւ շրջափակման մէջ, իր զինեալ ուժերը նախապէս Ջերմուկ քաղաքի 11-12 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին, այժմ 4.5 քիլօմեթրի վրայ են, բայց նոյնպէս շրջափակուած: