Լրահոս

ՆՈՐ ԿԼԻՄԱՅԻ ՄԷՋ

Միրզոյեան. «Հայաստան կրնայ մասնակցիլ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, խնդիր չեմ տեսներ»:
Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները երէկ վերսկսան՝ բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ:

ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուայ տեւողութեան Միրզոյեան եւ Շալենպերկ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը պաշտօնապէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրեց Վահագն Խաչատրեանը, որ ներկայիս Բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէ։

ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն ու վարչական խորհուրդի նախագահ Օլեկ Պելոզիորով եւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը նոր նուիրակ մը նշանակեց Անգարայի մօտ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ Վատիկանը պիտի ներկայացնէ Մոնս. Մարեք Սոլծինսքի՝ որպէս պապական նուիրակ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԲՈԼՈՐ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԸ ԽՕՍԻ «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»Ի ՄԱՍԻՆ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին։

ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄ

Ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հնչեցուցած ահազանգին՝ հարցազրոյց մը հրապարակելով թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
«Խնդիրները, ըստ էութեան, կը յառաջանան այն կէտերէն, որոնք փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներէն օգտուելով սկսած են մեծ հարստութիւններ տնօրինել, սակայն, ժողովրդական հակակշիռէ զերծ են: Հաւաքական զօրակցութեան, համագործակցութեան մակարդակը բաղձալի մակարդակէն շատ հեռու է, իսկ այս երեւոյթի մամլոյ պարագային դրսեւորումը ահաւոր անտարբերութիւն մըն է»:

Էջեր