ԽՏԱՑԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցով յանձնաժողովի ստեղծման նիւթին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցով յանձնաժողովի ստեղծման նիւթին։
Դերասանուհի եւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Ֆ. Կիրիք յուղարկաւորուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Քաղաքապետարանի առջեւ եւ CRR-ի մէջ տեղի ունեցած սգահանդէսներէն վերջ, աղօթք կատարուեցաւ Թէշվիքիյէի մզկիթի համալիրէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրսոյ եւ Իսթանպուլի կուսակալ Երլիքայա:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ողջունեց Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագիրը:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կառոյցը պատրաստակամութիւն յայտնած է շինարարութեան աջակցելու ուղղութեամբ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս լոյս տեսաւ ժողովածոյ մը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի «Հովիւի խօսքեր»ը։ Թեմը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ այս յոբելեանի ծիրէն ներս լոյս ընծայուած է սոյն հատորին՝ որպէս 5-րդ օղակը «Ոսկեղնիկ» մատենաշարի։
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռաթի Պրեկածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին նախարարները քննարկումներ ծաւալեցին իրենց ոլորտէն ներս համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շփումներ ունեցաւ Լիւքսեմպուրկի մէջ։ Բացի իր պաշտօնակից Ժան Ասելպորնի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Սավիէ Պեթելի կողմէ։
Երեւանէն երէկ տեղեկացուեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ան անմիջապէս մեկուսացած է եւ այս շրջանին պիտի աշխատի հեռավար դրութեամբ։
Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ արդէն աստիճանաբար տեղ կը զբաղեցնէ նոր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը։ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ նոր նախագահը ընտրելու համար պիտի գործադրուի Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին բանտէն ազատ արձակել «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը։ Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանը երէկ Գորիսի մէջ հրապարակեց դատավճիռ, որու հիման վրայ Աշոտ Մինասեանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ։
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացման կապակցութեամբ՝ ներառեալ ռազմական համագործակցութիւնը։