Լրահոս

ՔԱԼԸՆ-ՍԱԼԸՎԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։

ՀԱՍԱՆՈՎԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի ներկայութեամբ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեսակցեցաւ հիւր նախարարին հետ։

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի նախկին նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին պնդումներու լոյսին տակ:
Սերժ Սարգսեան. «Դուք լսա՞ծ էք պաշտօնատար անձերէն շատ յստակ պատասխան մը, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, վերջապէս, Ղարաբաղի խնդիրը»:

«ԳԱՐՈՒՆ Ա…» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ԳԱՐՆԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Շարժանկար՝ պատերազմի, սիրոյ, մեր օրերու նուիրեալներու, միասնութեան, պետական մտածողութեան կերտման եւ հայրենասիրութեան մասին, երեք սերունդներու աչքերով:
Մարտ 1-ին հանրութեան պիտի ներկայացուի բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեանի «Գարուն ա…» ժապաւէնը, որուն գլխաւոր արտադրողներն են Ալեքսանդր Խաչատրեան եւ Տիանա Աւետիսեան: 

ԱՔԻՊԱ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ

Ճաբոնի մէջ հայ երաժշտական մշակոյթը աշխուժօրէն տարածելու գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար Թոքիոյի մէջ «Կոմիտաս» երաժշտական միութեան համահիմնադիր, տաղանդաւոր դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մետայլով։

ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ

Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքները վաղը պիտի վերսկսին՝ շուրջ երկուքուկէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ։ Այժմու նոր մեկնարկը տեղի կ՚ունենայ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ, եւ անոր համապատասխան իմաստ կը վերագրուի։

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ Ի ԶՕՐՈՒ

Հայասանի Հանրապետութեան նախագահի աթոռը այս առաւօտեան դրութեամբ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ թափուր։ Շաբաթ մը առաջ Արմէն Սարգսեան հրաժարած էր Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն՝ զուգահեռաբար սկսած էր Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հերթական անգամ թիրախաւորուեցաւ՝ Եմէնի շիի հուսիներուն կողմէ, որոնք Իրանի հովանաւորութիւնը կը վայելեն։ Անջատողական այս շարժումի վերջին յարձակումը հետաքրքրական ժամկէտի մը զուգադիպեցաւ։

«ՈԳԵԶԷՆ» ՆՈՐ ՀԱՐԹԱԿ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Ոգեզէն» նորաստեղծ հարթակի շնորհանդէսը։ Ըստ երէկ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, այս հարթակը ստեղծուած է թեքնոլոժիի եւ ռազմավարական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ։

Էջեր