ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջերս կազմակերպեց իր տարեկան հանգանակութիւնը։ Հիմնադրամի 24-րդ նուիրահաւաքման արշաւն էր այս մէկը, որու արդիւնքով հանգանակուեցաւ 12 միլիոն 351 հազար ամերիկեան տոլար։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջերս կազմակերպեց իր տարեկան հանգանակութիւնը։ Հիմնադրամի 24-րդ նուիրահաւաքման արշաւն էր այս մէկը, որու արդիւնքով հանգանակուեցաւ 12 միլիոն 351 հազար ամերիկեան տոլար։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ խմբագրութեանս կողմէ հնչեցուած ահազանգի արձագանգները կը շարունակուին հայաշխարհէ ներս։ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները այս շրջանին իրերայաջորդ հրապարակումներ եւ հաղորդումներ կը կատարեն այս կապակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Աջակցինք Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, որպէսզի շարունակէ վաւերագրել ժամանակը» խորագրով։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է յայտնի մտաւորական Այհան Աքթարի կողմէ հեղինակուած հատոր մը, որ կը կոչուի՝ «Ունեւորութեան տուրքն ու թրքացման քաղաքականութիւնները»։ Այհան Աքթար ծանօթ ակադեմական մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին ծրագրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրատուութիւն՝ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպման մասին: Ապա պաշտօնապէս խօսուեցաւ հանդիպման հեռակայ առցանց ձեւաչափին մասին:
Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր կարեւոր ժամադրութիւն մը ունին Սոչիի մէջ:
Ռուս վերլուծաբանները բեկում մը չեն նախատեսեր այսօրուան գագաթաժողովէն: Մարիա Զախարովա հաստատեց, որ Երեւան Մոսկուայի միջնորդութեան դիմած է՝ Անգարայի հետ փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը կը շարունակէ լայն արձագանգ գտնել հայաշխարհէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի ժուռնալիստներու (լրագրողներու) միութիւնը նախընթաց օր հանդէս եկաւ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, որով մտահոգութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փակման վտանգի դէմ յանդիման մնացած ըլլալուն բերումով։
Երեւանի մէջ այսօր յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս ձեռնարկը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։
Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ նոր գարուն մը:
Նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ամենաբարձր արարողակարգով հիւրընկալեց իշխան Էլ Նահիանը:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։