ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջացած վերջին թիւրիմացութիւններու լոյսին տակ կատարուած հրապարակում մըն է այս մէկը, որուն, ըստ էութեան, տուն տուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շաբաթավերջի յայտնի յայտարարութիւնը, որով ան «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման համար յստակ ժամկէտ պահանջած էր Հայաստանէն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան տեսաժողով մը։ Հեռավար դրութեամբ, տեսակապի միջոցաւ զրուցեցին երկու ղեկավարները, որոնց շփումին կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր՝ մանաւանդ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներուն բերումով։
Մինչ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այլեւս հրաժեշտ կու տայ քաղաքական ասպարէզին, երկրէն ներս գործի գլուխ կու գայ նոր իշխանութիւն մը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Գերմանիոյ ղեկը պիտի ստանձնէ համախոհական կառավարութիւն մը, որ պիտի բաղկանայ սոցիալ-դեմոկրատներէն, կանաչներէն եւ ազատ ժողովրդավարականներէն։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք» համահայկական 12-րդ մրցանակաբաշխութիւնը։ Այսպէս, Սփիւռքի լաւագոյն խմբագրի անուանակարգին մէջ այս տարի մրցանակի արժանացաւ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։
Հայաստանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան երէկ Փարիզի մէջ ներկայացուց վիրաւոր զինուորներու վերականգնման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները։ Իր հետ էր նաեւ Հայկուհի Մինասեան, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ կը գտնուէր Ստեփանակերտի Ծննդատան մէջ՝ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ թիրախաւորման պահուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին օրերուն մահացած է նախկին ծերակուտական Ռապըրթ Տոլ, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է՝ մանաւանդ սփիւռքի շրջանակներէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինէն ներս ան եղած էր իր պաշտօնավարած շրջանի յայտնի դէմքերէն մին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց՝ փրոֆ. Ազիզ Սանճարը, որ Նոպելի տարրաբանութեան մրցանակը նուաճած է։ Թուրք գիտնականը վերջին օրերուն կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ։
Թուրքիա-Քաթար Բարձրագոյն ռազմավարական խորհուրդի 7-րդ ժողովը կը գումարուի Տոհայի մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ 2019 թուականէն ի վեր սա երկու ղեկավարներու առաջին անձնական շփումն էր։