«ՄԱՏԵՆԱ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը սկզբնաւորուի բացառիկ գործընկերային նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Մատենա»։ Սա առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոց մըն է, որու առաքելութիւնն է գիտելիքի կուտակման եւ համաշխարհային փորձառութեան տարածման միջոցաւ նպաստել մասնագիտական հմտութիւններու եւ ղեկավարման կարողութիւններու զարգացման՝ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց մասնագիտական ոլորտներէ ներս կը ձգտին կատարելագործման եւ գերազանցութեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Եդուարդ Աղաճանեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ այն եռակողմանի շփումներուն, որոնք Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ յառաջ կը տարուին։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութեան:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհի առկայ հրատապ խնդիրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները երէկ քննարկուեցան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Մամուլի ակումբի եւ Հանրային լրագրութեան ակումբի համատեղ ծրագրերու շրջանակին մէջ կազմակերպուած էր այդ հաւաքոյթը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ընտրուեցաւ Եւրոասիոյ Գրադարանային համախմբման փոխ-նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ այդ համախմբման համաժողովը։
«Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ապրանքներու Հայաստանէ ներս վաճառքէն օգուտ կը քաղեն միայն միջնորդները»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը:
Հայաստանի թատերական կեանքին տեսակէտէ նախընթաց օր յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի Սենեկային պետական թատրոնի երդիքին տակ ներկայացուած «Համլէթ»ով։ Թատերախումբի խաղացանկը համալրուեցաւ մեծանուն Ուիլիըմ Շէյքսփիրի նշանաւոր «Համլէթ»ին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումով։
Փոքրամասնութիւններու մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը քննարկուին զանազան երեսակներով:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին միջոց մը առաջ պատահած եւ լայն արձագանգ ու հակազդեցութիւն ստեղծած դէպքին վերաբերեալ արդէն դատ բացուած է։