ԳՈՐԻՍԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան խրախուսած ծրագիրները հետամուտ են Հայաստանի զարգացման ուղղեալ ջանքերուն ներառել նաեւ սփիւռքը:
«Սթորիթելինկը լրագրութեան մէջ. անհերքելի փաստերէ մինչեւ բարդ բովանդակութիւններ» խորագրեալ դասընթացը՝ միջազգային հեղինակաւոր մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
1 սեպտեմբեր 2021 թուականի դրութեամբ Երեւանի մէջ պաշտօնապէս սկսաւ գործել Վատիկանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի պապական նուիրակութեան կամ դեսպանութեան գրասենեակին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը հարուածած «Իտա» փոթորիկի հետեւանքով երկրի հիւսիս-արեւելքին աւելի քան յիսուն հոգի զոհուած է։
Վենետիկի 78-րդ շարժանկարի փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Լիտօ կղզիին մէջ։ Սեպտեմբերի 1-11 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, որու բացումը կատարուեցաւ սպանացի բեմադրիչ Փետրօ Ալմոտովարի «Զուգահեռ մայրեր» շարժանկարի ցուցադրութեամբ։
Ամերիկեան Amazon ընկերութեան ղեկավարութիւնը մտադիր է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ 55 հազար նոր աշխատակիցներ ընդունիլ: Այս մասին «Ռէյօթըրզ»ին տեղեկացուցած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էնտի Ճեսի, որու առաջին հարցազրոյցն է սոյն պաշտօնին նշանակուելէ յետոյ։
Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ երկու ֆրանսացիներ բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի վրայ։ Պրազիլիայի իշխանութիւնները ձերբակալած են երկու ֆրանսացիներ, որոնք առանց թոյլտուութեան բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի ամենաբարձր կէտը:
Լոնտոնի մէջ բացուած է ընտանի կենդանիներու ու անոնց տէրերուն համար ակումբ մը։ Այսպէս, ակումբին մէջ այցելուներուն կը տրամադրուի երկու տեսակ ճաշացանկ, ուր կան քոքթէյլներ ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ անոնց կենդանիներուն համար։
Աշխարհահռչակ մերերգչուհի Յասմիկ Պապեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ան իր 60-ամեայ յոբելեանը կ՚ողջունէ՝ ջերմօրէն շրջապատուած իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։
Երեւան սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին տեսակէտէ բարենպաստ ազդեցութիւն կը տեսնէ՝ Պաքուի զօրքերու իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերուելու հեռանկարին մէջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ նահատակուած է հայ զինուոր մը։