«ԿԱԶՓՐՈՄ»Ի ԾՐԱԳՐԵՐԸ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի «Կազփրոմ» բնական կազի ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը։ Այս առթիւ վարչապետը նշեց, որ «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ուժանիւթի ոլորտէ ներս Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է, կառավարութիւնը կը կարեւորէ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը։
Մեծն քսանեակի (G20) Միջհաւատքային ֆորումի ծիրէն ներս, Տ. Խաժակ Արքեպսկ. Պարսամեան երէկ շահեկան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պոլոնիայի մէջ, Իտալիա:
Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու խնդիրը նոր հարթութեան մը վրայ եկած է՝ Գորիս-Կապան մայրուղիի վրայ հաստատուած անցակէտով եւ բեռնատարերու համար ստեղծուած խոչընդոտներով։ Խնդիրը արդէն երկկողմանի բնոյթ ունենալէ դադրած է, որովհետեւ Իրանի բեռնատարերը այդ խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը մնան Հայաստան մուտք գործելու ժամանակ, միջազգային բեռնափոխադրումներու ընթացքը կը խախտուի։
Երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիզքոնթի շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Իր հետ էր նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի բաժանմունքի փոխ-տնօրէն Սիլվեն Կիորկէ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանին ուղղեալ դրական պատգամներ կու տայ, Հայաստանէն ալ կարգ մը դրական պատգամներ կը հասնին, սակայն այս բոլորը միայն խօսք պէտք չէ մնայ։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Քերիմ Վելիեւ երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլուի եւ յատուկ նշանակութեամբ զօրքերու հրամանատար զօրավար Էօմէր Էրթուղրուլ Էրպաքանի հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Խաչվերացի տօնին առթիւ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսքեան միաբանութենէն Հայր Անտրէա։
Ատրպէյճանի ոստիկանները սկսած են Որոտանի մէջ փաստաթուղթերու ստուգման ենթարկել Իրանի այն բեռնատարներն ու վարորդները, որոնք մուտք կը գործեն Հայաստանի տարածքը: