ՄԵԾԱՐԵԼՈՎ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵԳԱԿԻՆ ՆՈՐ ԽՈՐԱՆԸ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հին եւ նոր. երկու հականիշ բառեր, որոնք անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու Աստուածաշունչ Մատեանի ամբողջականութեանը մէջ։ Սուրբ Գիրք ընթերցողներու համար անծանօթ չեն այն երկու գլխաւոր բաժինները, որոնք կ՚որակուին այս երկու ածականներով. Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու առընթեր, Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ տուտուկահարին ի յիշատակ ձեռնարկ մը Գնալը կղզիի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Երեւան պատրաստ բանակցութիւններու ներգրաւուելու Պաքուի հետ ու կը սպասէ յստակ առաջարկներու:
Գերմանական օդային ընկերութիւնը որոշած է երկար ընդհատումէ վերջ Հայաստանի շուկայ վերադառնալ:
Թուրքիա վերջին շրջանին մեծ ոստում մը կատարած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս ու կը պատրաստուի իր արտադրանքը միջազգային բեմահարթակի վրայ ներկայացնել 15-րդ Միջազգային պաշտպանական արդիւնաբերութեան տօնավաճառին (IDEF 2021) ժամանակ, 17-20 օգոստոս թուականներուն։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ չպատուաստուած քաղաքացիներու թիւը իջած է 19 միլիոնի։
Ամերիկեան հեռուստատեսութեան պատմութեան «ամենաերկարակեաց» մանկական գծաֆիլմաշարը 25 տարի վերջ կ՚աւարտուի։ Այսպէս, «Արթուր» կոչուող մանկական գծաֆիլմաշարը, որ յայտնի էր 1990-ական թուականներուն, մեկնարկէն 25 տարի վերջ կ՚աւարտի։
Ամերիկեան «Mattel» ընկերութիւնը ներկայացուցած է «Պարպի» տիկնիկներու «քովիտային» շարքը։ Այսպէս, «Mattel» ընկերութիւնը, որ կ՚արտադրէ աշխարհի ամենայայտնի «Պարպի» տիկնիկները, ներկայացուցած է նոր շարք մը՝ քորոնաժահրի համավարակի նիւթով։