ՄՇՏԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Էրտողան եւ Պայտըն Պրիւքսելի մէջ պիտի անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ֆիլիփ Ռիքէր Պաքուի մէջ յայտնեց, որ ԱՄՆ ռազմավարական գործընկեր կը համարէ Ատրպէյճանը: Փութին եւ Միշել ունեցան:հեռախօսազրոյց մը: Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները խօսեցան սահմանի վիճակին շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտնեց, որ այս տարի երկրէն ներս տնտեսական աճի աւելի բարձր ցուցանիշ մը պիտի ըլլայ՝ քան կանխատեսուած 1.4 տոկոսը։ Ըստ իրեն, տնտեսական աշխուժութիւնը առաջին եռամսեակին կանխատեսուածին չափ անկում չէ ունեցած։
Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն ու գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեան նշանակուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի երաժշտական տնօրէն ու խմբավար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի օփերայի պաշտօնական կայքը արդէն հաղորդած է այս լուրը՝ ընդգծելով, որ մաէսթրօ Օրբելեանի մասնակցութեամբ առաջին օփերան՝ նոր շունչ ստացած «Ռիկոլեթթօ»ն պիտի ներկայացուի օգոստոսի 29-ին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս բոլոր փոխ-նախարարները արդէն հրաժարած են իրենց պաշտօնէն։ Երէկ անոնց հրաժարականները վաւերացուեցան՝ համապատասխան հրամանագրերով։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Երէկ մտահոգութիւնները ա՛լ աւելի խորացան, որովհետեւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ դարձեալ հայ զինուոր մը գերեվարուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները օրուայ սկիզբին տեղեկացուցին, որ զինեալ ուժերու N զօրամասի պայմանագրային շարքայիններէն Ա. Քաթանեան մշուշի հետեւանքով ապակողմնորոշուած է ու ակամայ յայտնուած՝ այն տարածքէն ներս, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։
Յուլիսի 1-ի Վատիկանի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընդառաջ Պքերքէի պատրիարքարանէն ներս հաւաք:
Ֆրանսական հեղինակաւոր «Dior» նորաձեւութեան տան նոր հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Աթէնքի «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտին մէջ, կը յայտնէ «Greek City Times» թերթը։ Այսպէս, յունիսի 17-ին ֆրանսական նորաձեւութեան տունը «Փանաթինաիքոս» մարզադաշտը կը վերածէ «փոտիումի»՝ ներկայացնելով նոր «Քրուազիէր 2022» հաւաքածոն, որ կը կրէ յունական ազդեցութիւն եւ նուիրուած է Յունաստանի անկախութեան շարժման 200-ամեակին։
Ըստ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, վերջին դատավճիռները առ ոչինչ դարձուցած են նշանակումները:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուեցաւ, որ նախարարները կանգ առած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած՝ տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ։