ՍԱՀԱԿ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ
Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ մը յապաղումով գումարուեցաւ այս ժողովը, որու օրակարգին վրայ էր տեղապահի ընտրութիւն։ Միշաբաթեայ այդ ակամայ յետաձգումը, Եկեղեցականաց համագումարի թուականի ստիպողական փոփոխութիւնը ծնունդ տուաւ ահաւոր լարուածութեան մը։
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան համար այս առաւօտ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գումարուի Եկեղեցականաց համագումարը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուելէ առաջ հոգեւոր հայրերը ժամերգութեան համար մէկտեղուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի ներկայացուցիչները հերթական անգամ համախմբուած:
Մետաքսի ճանապարհով իրարու կապուած քաղաքակրթութիւններուն հիման վրայ մերօրեայ բարեկամութիւն:
«Հին օրերի երգը» ճաշարանին յարդարանքը «անցած-գացած» ժամանակները կը յիշեցնէ իր հին կահոյքով: Հոն հարահրոց չկայ, ականջ ծակող երաժշտութիւն՝ նոյնպէս, իսկ երիտասարդուհիներու փոխարէն՝ կը սպասարկեն ժպտադէմ տիկիններ:
Եկեղեցականաց համագումարի ընդառաջ հոգեւորականաց դասէն ներս կը բարձրանան պոռթկումի ձայներ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Խաչ տաճարը յետ ի հիմանէ վերանորոգութեան վերաբացուեցաւ պաշտամունքի:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը, որ ներկայիս կ՚այցելէ Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս Կլենտէյլ հայաբնակ շրջաններէն մին կը հանդիսանայ։