ԹՈՒԻԹԻ ԵՒ ՊԵՐԿՍՈՆ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳ ԳՕՏԻԻ ՀԱՐՑԻՆ ՎՐԱՅ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու փոխ-հրամանատար Սթեֆըն Մ. Թուի-թի եւ Կեդրոնի զօրքերու փոխ-հրամանատար Թոմաս Ու. Պերկսոն երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները Թուրքիա եկած են՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման վերաբերեալ խնդիրները քննարկելու առաջադրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալը այցելեց Հայաստան:
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բազմակողմանի հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման ներկայ տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները։
Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները միշտ կը զուգորդուին լարուածութեամբ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի գիտնական Տքթ. Հրաչ Սէմէրճեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Ան կ՚ապրի Ուաշինկթընի մօտակայքին ու երկար տարիներ որպէս աւագ գիտնական աշխատած է ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Չափանիշներու եւ փորձագիտութեան ազգային կաճառէն ներս։
Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Թոնի Պլէյր կոչ ուղղեց, որպէսզի BREXIT-ի համար տեղի ունենայ նոր հանրաքուէ մը եւ այսպէսով երկիրը յաղթահարէ ստեղծուած առկայ տագնապը։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն կը ջանայ արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկել՝ յաղթահարելու համար BREXIT-ով պայմանաւորուած թնճուկը։
Եւրոմիութեան գործադիր մարմնի՝ Եւրոյանձնաժողովի նոր նախագահը՝ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն երէկ ծանօթացուց նորակազմ յանձնաժողովի անդամները։ 13 կիներէ եւ 14 այրերէ կը բաղկանայ Եւրոյանձնաժողովի նոր կազմը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով իր աւագ խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթընը։ Այս վերջինը ծանօթ էր Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու իրականացման հետամուտ մօտեցումներով եւ խոր տարակարծութիւններ կ՚ապրէր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։
«Տիգրան Մանսուրեան-80» համերգաշարով կ՚արժեւորուի մեծանուն արուեստագէտի յոբելենական շրջանը: