ԴԱՐՁԵԱԼ ՇՓՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին նոր սկիզբ մը կ՚որոնեն իրենց յարաբերութիւններուն մէջ՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Ուքրայնայի պարագային առկայ տարաձայնութիւններու հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան յաղթահարման նպատակով։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Դամասկոսի մէջ երէկ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Էսատ բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայութիւնը։
Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ ներկայացուած պաշտօնական դիմում-նամակի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ, իշխանութիւններուն առաջին արձագանգը հասաւ բարձր մակարդակի այցելութիւնով մը, որու ժամանակ նախ բանաւոր ձեւով Աթոռին ու համայնքին տեղեկացուեցան պետութեան որդեգրած մօտեցումները: Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու, կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ այլ պաշտօնատարներ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն փութացին Գումգաբու:
Ներքին գործոց նախարար Տիար Սիւլէյման Սօյլու 13 մայիս 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.45-ին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Սրբազան Արքեպսկ. Աթէշեանի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեայ յոբելեանին ձօնուած պաշտօնական ընթրիքին
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ նախարարը հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ . Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Բարձրաստիճան պետական այրեր եւ հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։
Մայիսի 9-ի՝ Եւրոպայի օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Քրիստիան Պերկէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։