ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւորականի արժանիքը յաճախ տարբեր գաղափարներու արտայայտութեան առիթ կ՚ընծայէ, անորոշութեան կը մատնէ շատերը։ Արդարեւ ոմանք հոգեւորականի արժանիքի ստուգանիշը կը տեսնեն գիտութեան աստիճանին մէջ, ուրիշներ որպէս չափանիշ կ՚ընդունին անոր մարդկային կարողութիւնները։