ԳԻՏՑԱԾԸ ՉՍՈՐՎԵՑՆԵԼ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային տկարութիւն մը, կամ թերութիւն մըն է «գիտցածը չսորվեցնե՛լ» ուրիշին, ի՛նչ որ կարելի է տեսնել շատ մը մարզերու մէջ ընդհանրապէս։ Մինչդեռ գիտելիք ու գիտութիւն՝ մարդկային արժէք մը, մշակութային եւ ընկերային հասարակաց հարստութիւն մըն է՝ որ պէ՛տք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ, ինչպէս կը փոխանցուի որեւէ ստացուածք, որպէս ժառանգ։