Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այսօր Թուրքիոյ դպրոցներէն ներս կը սկսի երես առ երես դասաւանդութիւնը։ Պատկան մարմինները նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առած են երաշխաւորելու համար թէ՛ աշակերտներու եւ թէ կրթական մշակներու առողջութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

Պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլու շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ բարեգործական ծրագրի մը, որ ներկայ պայմաններով հրատապ բնոյթ կը ներկայացնէ հայ իրականութեան տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

Պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ այցելեցին Եռաբլուր:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 29-րդ տարեդարձը կը նշուի համազգային շուքով:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ դեսպան Տիգրան Բալայեանի հովանաւորութեամբ:
Մաաստրիխտի ձեռնարկի աւարտին հայ եւ կաթոլիկ հոգեւորականներ աղօթեցին միասնաբար:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

Երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հին եգիպտացիները եւ հին յոյները իրենց աստուածներու եւ արքաներու ի պատիւ կը կառուցէին վիթխարի արձաններ՝ մարմնաւորելով անոնց հզօրութիւնն ու ուժը։ Նման կոթողները յունարէնի մէջ կ՚անուանեն «քոլոսուս»։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հայաստանի մէջ 22 օգոստոսէն 1 սեպտեմբերի միջեւ կայացաւ «Fresco - Արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժապատկերներու» միջազգային փառատօնը: Անկախ ամէն նկատառումէ, յուսադրիչ է, որ գտնուեցան մարդիկ, որոնք համավարակի պայմաններու տակ ձեռնարկեցին նման աշխատանքի:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ շարականները ինքնատիպ են եւ ոչ մէկ պարագայի թարգմանութիւն հնագոյն լեզուներէ։ Անոնք հազար տարիներու Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու կողմէ գրուած հոգեւոր երգեր են Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած՝ կրօնական եւ ազգային դէպքերու յատուկ արձագանգներով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի լիբանանահայութեան ուղղուած ծրագիրներու պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քէօմիւրճեանց գերդաստանը 17-րդ դարու սկիզբէն նշանաւոր է եղած Պոլիս։ Յատուկ դամբարան մըն ալ կը գտնուէր մինչեւ 1800՝ Պալըգլըյի վաղեմի գերեզմանատունը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նախանձախնդրութիւնն ունենալով հետեւելու մեր տարածքաշրջանի հիմնական զարգացումներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս օրուան թիւով հանրութեան կը ներկայացնենք 15 սեպտեմբերին, Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած նոր համաձայնութեան մը բազմաբովանդակ ծալքերը։
Ո՞ւր կերթայ Միջին Արեւելքը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Իսրայէլի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երիտասարդ ու խոստմնալից անդամներէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան այս առաւօտ արտասահման մեկնեցաւ՝ կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը։ Հայր սուրբը Իսթանպուլէն մեկնեցաւ Պրիւքսել՝ օդային ճանապարհով, անհրաժեշտ բոլոր պայմանները բաւարարած ըլլալով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ահաւասիկ, անգամ մը եւս աշակերտներ, ուսանողներ, ծնողներ եւ ընտանիքներ կ՚ապրին վերամուտի ոգեւորութիւնը։ Ի՜նչ փոյթ որ այս տարի այս ոգեւորութիւնը կ՚ապրուի ներկայ համավարակի ստուերին ներքեւ՝ սրտաբեկութեամբ, աննախընթաց պայմաններու մէջ, անորոշութեան եւ զգուշութեան պատճառած անսովոր մթնոլորտի մը ազդեցութեան տակ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Որո՞նք են այն երեք մարդիկը, որ հայրերու հայր՝ Աբրահամը հիւրընկալեց (Ծն 18)։ Սուրբ Երրորդութի՞ւնն են։ Աբրահամի անոնց երկրպագելը ատոր փա՞ստն է։ Եւ ինչո՞ւ երբեմն յոգնակիով կը դիմէր անոնց եւ երբեմն ալ եզակի։ Արդեօք այս բանը կը փաստէ երրորդութիւնն ու մէկութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգի «WBO»ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան՝ Արթուր Աբրահամ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խօսեցաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին հաւանական աւարտին մասին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսոմ արձագանգեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ առընթեր գործող կեդրոնի վրայ յարձակման դէպքին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 113 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1771 նոր վարակեալ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանիին ներքեւ համակարգիչներ յանձնուեցան վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որու ընթացքին Պատրիարքական Աթոռոյ «Մենթի-Մենթոր» ծրագրի մասին խորհադածութիւններ տեղի ունեցան։ Ժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, Սահակեան-Նունեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, վաստակաւոր տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, Մերի Թաքսի Տեւեճեան, Ժպիտ Էօղէր, Քարոլին Իւչէր Իչլիիւրէք, տոչ. տքթ. Քոզէթ Աւանուս, Արաս Եոլուսեւէր, Լեռնա Մեզիրճիեան, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Շահնուր Գազանճը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020

«Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկած է նոր նամականիշ մը՝ նուիրուած Ասիոյ տարածքաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Հայաստանի «Հայփոստ» ընկերութիւնը սեպտեմբերի 17-ին շրջանառութեան մէ դրած է նոր նամականիշ մը՝ նուիրուած «Քրոն եւ մշակոյթ. Ասիայի տարածքաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւն. Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի» նիւթով:

Էջեր