Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յիսուս ծնաւ ախոռի խոնարհութեան եւ համեստութեան մէջ, աղքատ ընտանիքի մը ծոցը. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Պարզ հովիւներն են այն հրաշալի իրադարձութեան առաջին եւ կենդանի վկաները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբ խօսինք հայ ժողովուրդի դժուարութիւններուն ու անցեալի պատմութեան մասին, պէտք է նկատի ունենանք, որ 1915-ը պարզապէս փոքր մաս մըն էր այն մեծ տառապանքէն, որ կրեց ու գուցէ կը շարունակէ կրել եւ կամ անոնց հետեւանքներն է, որ կ՚ապրի:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ հիւրընկալուեցաւ հեծանուորդ Ռոնի Քոլուքըսաեան, որ Ամանորի ընդառաջ ջերմ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս, երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ, միջոցէ մը ի վեր կը գործէ «Ապագայ» երգչախումբը։ Նորաստեղծ այս կազմի տղաքը վերջին օրերուն համախմբուեցան՝ Ամանորի խրախճանքի մը առթիւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, որոնց հետ էին տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Քալայճըն եւ գործակից ընկերները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան կոմիտէի տարեկան ամփոփիչ հաւաքը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Բժիշկին սպասման սենեակէն ներս հազիւ տեղաւորուած էի, երբ յանկարծ դուռ մը բացուելով, կապոյտ համազգեստով օրիորդ մը, բարձրաձայն անունս կանչեց: Յստակ էր, թէ կարգս հասած էր:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

ԹԱՄԱՐ ՄԱՆԿԱՍԱՐ

Վերջերս, Փարիզի հայ համայնքը ապրեցաւ բացառիկ պահեր՝ որոնք լեցուն էին խնդութեամբ եւ հպարտութեամբ։ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի, յատուկ հրաւէրով մը ժամանեց Ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներէն՝ Առնուվիլ, մասնակցելու համար «Պոլսոյ շաբաթավերջ» խորագրով երկեակ հանդիսութեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

«Եկէ՛ք Տիրոջ լոյսովը քալենք» (Եսայի Բ. 1-22)։
Եսայի մարգարէին այս խօսքերը քաղուած են այն ընթերցումէն, որ հայերէնով կարդացինք Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայապետը մեր մէջ կը գտնուէր Իսթանպուլ՝ 29 նոյեմբեր 2025-ին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ռատիոն յանկարծ լռեց եւ լսեցի յոգնած ժամացոյցի մը ձայնը, որ քաղաքի ծայրամասէն կու գար, ապա մէկ անգամէն ձայնը դուրս ելաւ եւ հնչեց անպարկեշտ երգ մը, որ ընդհատուեցաւ ձայնով մը, որ նոր տարին կը շնորհաւորէր…:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

TRIPP-ի պարագային կան բազմաթիւ նրբերանգներ, որոնք կ՚առընչուին Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն հետ:
Հայաստան եւ Ռուսաստան պատրաստութիւններու պէտք է ձեռնարկեն՝ ենթակառուցուածքներու գործնական ապաշրջափակման ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները կ՚ընթանան բախտորոշ հունի մը մէջ. միշտ շփումներ բարձր մակարդակի վրայ:
Անգարա Դամասկոսի հետ անմիջական կապի մէջ՝ 10 Մարտի համաձայնութեան ժամկէտի լրանալուն ընդառաջ: Իսրայէլի ազդեցութիւնը խնդրայարոյց:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր ջերմօրէն կ՚ողջունէ թերթիս աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանցի ծննդեան յիսնամեակը: Այս յոբելեանը բացառիկ նշանակութիւն ունի, արդարեւ, Անուշ Թրուանց մեր այն աշխատակիցներէն է, որ բառին բուն իմաստով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներու սիրտը գրաւած է:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ԱՔ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Սերքան Փոլատ, իր տեղակալներէն Պիւլենտ Չեհրէ, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութենէն Չեթին Աքկիւլ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Հայոց Մայր տաճարէն ներս վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցան՝ «Յղութիւն Սուրբ Աստուածածնի ի յԱննայէ» տօնակատարութիւնները։ Նախատօնակին հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմէն ներս, Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի ընդառաջ, երէկ, հոգեւոր մեծ ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, շուրջ տարի մը տեւած հիմնանորոգումէ վերջ, հանդիսաւոր կերպով օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ մշակութային յիշողութեան մէջ կան իրողութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն անցեալին արձանագրուած իրադարձութեամբ, այլ դարերու ընթացքին կը շարունակեն խօսիլ, կապեր հաստատել ժողովուրդներու միջեւ եւ նոր իմաստներ ստանալ ժամանակակից աշխարհին մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025

ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Լաւ պիտի ըլլայ, որ երիտասարդներուն ծառայութիւն ընողը չսահմանափակուի միայն ժխտական յատկութիւններէն ձերբազատուի…, այլ պէտք է գիտակցութեամբ շարժի ձեռքբերելու դրական յատկութիւնները, կեանքը սրբագործելով Աստուծոյ համար, եւ ուղղուիլ ծառայելու Աստուծոյ մարդուն՝ իր նմանին միջոցով…: 

Էջեր