Եկեղեցական

ՍՐԲՈՑ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշուեցաւ Պալաթու համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն քահանայ Փնարճեան։

«ԵՒ ՄԻ՛ ՏԱՆԻՐ ԶՄԵԶ Ի ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ»

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Փորձութեան մէջ» չիյնալը սրտէն բխող որոշում մը կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ…». (ՄԱՏԹ. Զ 21)։ Մեր մեղքերը արդիւնքն են փորձութեան մեր տուած հաւանութեամբ։ Կ՚աղօթենք Աստուծմէ, որ մեզ փորձութեան «չենթարկէ»:

ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մալթայի Ինքնիշխան ուխտի նորանշանակ դեսպանը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհ. Հայրապետը բարձր գնահատեց Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած առողջապահական եւ ընկերային աջակցութեան ծրագրերը:

ՄԵԾԱԳՈՐԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 27-րդ տարեդարձը:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Իջման սեղանին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք. «Հակառակ հոգեւոր ու քաղաքական ցնցումներուն՝ Նորին Սրբութիւնը պատասխանատուութեան խաչը կը կրէ իր ուսերուն վրայ՝ աղօթելով ժողովուրդի բարօրութեան, հայրենիքի խաղաղութեան եւ եկեղեցւոյ միասնութեան համար»:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Կիրակնօրեայ պատարագը ընթացիկ ըլլալէ հեռու էր՝ քանի երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Աթէշ Մազմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։

ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ ՄԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Օքսֆորտի համալսարանի Պլեքֆրայըրս Հոլի Լաս Քասասի ընկերային արդարութեան կաճառի տնօրէն, աւագ գիտաշխատող տքթ. Հիւկօ Սլիմը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԱԼԼԱՅԻ ՄՕՏ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս հիւրընկալեց Ռամալլայի մօտ Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ Էրիք Պերկրաւը։

Էջեր