Հոգե-մտաւոր

ԿԵՆԴԱՆԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի հոգիով ընդունարանի մը մէջ նստած կը խօսինք. ներս կը մտնէ մայր մը՝ իր հինգ տարեկան զաւկին հետ։ Մայրը կը բարեւէ, սակայն, զաւակը առանց ուշադրութիւն դարձնելու, առանց բարեւելու ընդունարանի միւս դռնէն դուրս կու գայ։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆ՝ ԲԱՅՑ ԱՐԴԱՐ ՉԵՆ ԱՊՐԻՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածը այն տարօրինակ ստեղծագործութիւնն է, որ ամէն գնով կ՚ուզէ արդարութեան մէջ ապրիլ, սակայն, ի՛նք անձամբ արդարութիւն հաստատելու համար գրեթէ ո՛չ մէկ բան կը կատարէ, անշուշտ, եթէ այդտեղ սեփական շահ գոյութիւն չունենայ։

ԻՐԱՏԵՍ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուած՝ Արարիչ է, նաեւ՝ Ամենախնամ. Ուստի, արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքզինքին։ Չի տար անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։

ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՐՎԻԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ Հայաստանի բողոքական եկեղեցիներէն մէկուն պաշտամունքին։ Իրականութեան մէջ, աղօթքը կը շարունակէ մնալ աղօթք՝ թէ՛ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, թէ՛ Կաթողիկէ եւ թէ բողոքական եկեղեցիներէն ներս։

ՀԱՄՈԶԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մտիկ ընողներ կարենալ համոզելու համար՝ անոնց առջեւ պէտք է դնել անուրանալի եւ հաստատ աստուածային ճշմարտութիւններ՝ որոնք պէտք է ընդունիլ իբրեւ անխուսափելի իրականութիւններ, եւ ո՛չ թէ վարկածներ՝ որոնք քննութեան կը կարօտին եւ պէտք է քննուին, քննադատուին, եւ որոշուին մտիկ ընողներու կողմէ։

ԲԱՐԻՔ՝ ՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՉԱՐԻՔ Է ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին մասնակցեցանք երիտասարդական հաւաքի մը, որուն նպատակն էր ծանօթութիւններ ձեռք ձգել։ Որպէսզի հաւաքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ ընտրուած էր նիւթ մը՝ որուն շուրջ ներկաները պէտք է իրենց կարծիքը յայտնէին։

ԳԱՂՏՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ». (ՂՈՒԿ. Ը 17)։
Անշո՛ւշտ, մարդիկ միշտ կ՚ունենան ծածուկ, գաղտնի բաներ՝ որոնք չեն ուզեր ուրիշներու յայտնել։

ԲԱՐԿԱՆԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՁԵՒԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մենք կը հաւատանք, որ բարկութիւնը մեր զգացումներուն արտայայտութիւնն է եւ հետեւաբար, դժուար թէ մարդ կարենայ կառավարել, սակայն, հոգեբանականօրէն այդպէս չէ։ Բարկանալը զգացումի մը արտայայտութիւնը ըլլալէ անդին պարտի ունենալ նպատակ։ Բարկութիւն մը, որ իբր նպատակ ունի լոկ ներքին լարուածութիւնը՝ դուրս հանելու պարզապէս վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

ՍԻՐԵԼԻ՜ Է ԽՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սիրելի եւ փափաքելի է խնդութիւնը, ուրախութիւնը բոլորիս համար։ Բայց աշխարհիս վրայ կան պատահարներ՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան ուրախութեան, քանի որ այս աշխարհի վրայ միշտ կան եւ պիտի ըլլան նեղութիւններ։

ԲԱՐԿԱՆԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՁԵՒԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յայտնի փիլիսոփայ Արիստոտէլ խօսելով մարդկային բնաւորութեան եւ յոյզերուն մասին կ՚ըսէ. «Բարկանալը դիւրին է. դժուարը ճիշդ մարդու վրայ, ճիշդ չափով, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ նպատակով եւ ճիշդ ձեւով բարկանալն է»։

Էջեր