ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլը, որ իրեն ցաւակցութիւններ յայտնեց հօրը՝ Յակոբճան Մաշալեանի մահուան կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլը, որ իրեն ցաւակցութիւններ յայտնեց հօրը՝ Յակոբճան Մաշալեանի մահուան կապակցութեամբ։
Երէկ, համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պաքըրգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ուրախառիթ է, որ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին պատկառելի տոկոսը հանգանակուեցաւ՝ շնորհիւ նուիրատուութիւններուն, որոնք կեդրոնացուեցան Տատեան վարժարանին ի նպաստ։
Երէկ, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքի վերջին շրջանաւարտներուն ձօնուած՝ «Յոյսի բլուր» ժապաւէնի ներկայացումը եւ համապատասխան գիրքի ծանօթացումը համախմբեց կոկիկ թիւով հետաքրքիրներ։
«Փարոս» ամսաթերթը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Երէկ, այս յոբելեանին առթիւ քաղաքիս մէջ բացուեցաւ յայտնի նկարիչ Տիգրան Պետրոսեանի ցուցահանդէսը։ «Կեանքը թատերաբեմ մըն է» անուան ներքեւ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը բացուեցաւ Բանկալթիի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ։
Հայ երաժշտական աշխարհի համակրելի աստղերէն Սիպիլ արդէն պատրաստած է նոր երգ մը, որ առաջին անգամ այս ուրբաթ պիտի ներկայացուի իր «YouTube»ի ալիքին միջոցաւ։ Սիպիլի բոլոր երգերը եւ անոնց առթիւ պատրաստուած տեսահոլովակները վերջին տարիներուն կը մագնիսացնեն երաժշտասէրներուն ուշադրութիւնը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Երուանդ Սվաճըօղլուն եւ Արթօ Մխճեանը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Մեր հայեր» խմբաւորման ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ միութեան մը ձեւաչափին մէջ՝ այս խմբաւորումը թրքահայ իրականութենէ ներս հետամուտ է ընկերային զօրակցութիւնը ամրապնդելու։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ ընդունեց յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանը։
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր հերթական սիրոյ սեղանին վրայ։ Այսպէս, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանի
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը շաբաթավերջին այցելեց Անգարա։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ դեկտեմբերի 14-ին, Վարդանանց երգչախումբը համատեղ համերգով մը հանդէս պիտի գայ՝ Պետական սենֆոնիք նուագախումբին հետ։