Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ. մէկ խօսքով՝ մարդ անկատար է, բայց պէտք է կատարելութեան ձգտի, քանի որ իր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է եւ ինքն ալ Անոր նմանութեամբ եւ պատկերով ստեղծուած է։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մինչեւ այսօր խօսեցանք յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ բազմաթիւ երեւոյթներու մասին. երեւոյթներ՝ որոնք շօշափելի ըլլալէ աւելի վերացական, հոգեկան ու մտային էին. այդ բոլոր երեւոյթները եթէ միատեղենք աշխատանքի ու աշխատասիրութեան հետ, յաջողութիւնը կ՚ըլլայ անխուսափելի:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

Անգարա այսօր կ՚ընդունի Թեհրանէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կը ծաւալուին քննարկումներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

Վրաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը դիմագրաւէ լուրջ փոթորիկ մը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններէն վերջ երկիրը մատնուած է ցնցումներու։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաք Թիֆլիզի մէջ լարուածութիւնը աննախընթացօրէն մագլցեցաւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

Սուրիոյ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայէպ-Սելիմիէ ճանապարհին դիպուկահարի մը կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Երուանդ Արսլանեան։ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին ափսոսանք յայտնեց Հալէպի ամբողջութեամբ զինեալ խմբաւորումներու ձեռքը անցած ըլլալուն համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ, որոնց ընթացքին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Գեղարդով օրհնեց հաւատացեալները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ պոլսահայ եկեղեցականաց դասու անդամներէն մէկուն աստիճանի բարձրացումը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարդապետական աստիճան շնորհեց Հայր Շնորհք Տօնիկեանին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

Երեւանի Մատենադարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնադարագիտութեան միջազգային գիտաժողով մը, որ տասներորդն էր իր նմաններու շարքին։ Եռօրեայ աշխատանքը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի «Հրաչեայ Թամրազեան» դահլիճի երդիքին տակ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան Մոսկուայի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Եաղուպ Էյուպովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Տնտեսական խորհուրդի 104-րդ նիստի շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս Պոլիսէն անցաւ իր գրքի շնորհանդէսին առթիւ, քաղաքէս հրաժեշտ առնելէ վերջ հրապարակած է ամփոփ տպաւորութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ուժը մարդկային պատմութեան ընթացքին զուգահեռ քալած է կեանքին հետ՝ իր վերելքներով ու ընկրկումներով: Դժուար է ըսել, որ մարդ արարածի բնոյթը ուժային կառուցուածք ունի կամ ամենաշատ ու թունդ կերպով ուժով կը բանի կամ կ՚ենթարկուի ուժին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տանըլտ Թրամփ ի՞նչ դիրքորոշումներով հանդէս պիտի գայ՝ արդի իրողութիւններու լոյսին տակ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահը պիտի յարգէ՞ Հյաստանի պարագային տուած խոստումները:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնա՞յ, թէ՞ նուազի: Ենթադրութիւնները տարաբնոյթ են եւ ամէն գլուխէ ձայն մը կ՚ելլէ: Նաեւ պարզ է, որ կան ընդհանրական մտահոգութիւններ, որոնց մասին կը գրեն մասնագէտներ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բառերը, առանձին առնուած, միտք մը չեն արտայայտեր։ Ուստի, բառերը եթէ զատ զատ առնելու ըլլանք, միտք չեն արտայայտեր, այլ անոնք առանձին հասկացութիւններ են։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաջողութեան ճամբուն վրայ պէտք է յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնել փոքր մանրամասնութիւնները, որոնք կարելի է նաեւ անուանել մանրուքներ. իրականութեան մէջ մանրուքները կարեւոր ըլլալով հանդերձ շատ անգամ արգելք կը դառնան մարդուն յաջողութեան.

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024

Պատրաստեց եւ արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ահմատ Խալէտ Թաուֆիք: Եգիպտացի մտաւորական, համալսարանի դասախօս, բժիշկ, թարգմանիչ:
Ծնած է 10 յունիս 1962-ին, Թանթա քաղաքին մէջ, Եգիպտոս:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։
Չէ՛ անցած հրաշքի դարը, եւ ոչ ալ կ՚անցնի. ուստի պէտք է իրատես ըլլանք եւ վստահինք Տէր Յիսուսի։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր յաջողութեան համար պիտի ստեղծենք նոր պայման մը՝ նոր սահմանում մը. «առողջ դժգոհութիւն». ձախողութենէն յաջողութիւն անցնիլը կախուած է բաւարարուածութենէն, ինչպէս նաեւ առողջ դժգոհութենէն. իր էութեան մէջ առողջ դժգոհութիւնը մտածելակերպ է, որ կը հաւասարակշռէ դժգոհութիւնն ու գոհունակութիւնը.

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին մասնակցեցաւ Ասորի Կաթոլիկ հասարակութեան առաջնորդարանին մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին առթիւ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանն ու Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեանը, որոնք քաղաքս կարճատեւ այցելութիւններ տուին՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն։

Էջեր