Արխիւ
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ քահանայական ձեռնադրութիւն՝ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին:
«Քահանայի առաքելութիւնն է նուիրումով ու սիրով իրականացնել իր ծառայութիւնը ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն»:
Հռոմի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական. Սրբատեղիներու պահպանումը՝ համատեղ քրիստոնէական առաքելութեան համար» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացի (Անճելիքում) քահանայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու կազմակերպիչներն էին Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցչութիւնն ու Անճելիքումի Էքիւմենիք հետազօտութիւններու կաճառը։
ՇՈՆ ՄՔՏԱՈՒԸԼ
Հայացուց՝ ՄԱԿԱՐ ԵՊՍԿ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընթացող տարւոյս՝ 2024-ի կէսերուն, Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ «Բարոյագիտութիւն. Համարձակ ըլլալ բոլոր պարագաներուն մէջ» գիրքը: Գիրքին հեղինակն է Շոն Մքտաուըլ (ծնած 17 մայիս 1976-ին):
Երբ գրողները հաւաքուած են, կա՞յ ատկէ աւելի գեղեցիկ ու առինքնող բան աշխարհի մէջ:
Հայաստանի Գրողներու միութեան (ՀԳՄ) պատմութիւնը հետաքրքրական է ու պայծառ այն իմաստով, որ ըլլալով Խորհրդային Միութեան ժամանակներու ծնունդ եւ Հայաստան-սփիւռք ջրբաժանի ու հաշիւներու ականատես, ան մեր ժողովուրդին կողմէ համարուեցաւ այսպէս ըսած՝ շօշափելի պառնաս, որ հունաւորեց հայ գրական գործունէութիւնը եւ անոր դիմագիծ ու միասնութիւն տուաւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է, Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար, վահան է». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 30)։
Վերոյիշեալ Սաղմոսը կ՚ընդունուի որպէս «դատաւորական» կամ «մեսիայական» սաղմոս։
Յիսունեւիննամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյ, երբեմնի քարոզիչն սուրբ եկեղեցեաց Ստանպոլայ, հոգեւոր հովիւն Սուրբ Կարապետ եւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցեաց Մարսէյլ քաղաքի...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան ցնցիչ հրաժարականներ։ Այժմ օրակարգի վրայ է հարցում մը. բացուա՞ծ է արտահերթ ընտրութեան փուլը։ Տեղի ունեցածը աննախադէպ էր բազում առումներով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս յօդուածաշարքին երկարութեան պատճառը այն է, որ յաջողութիւնը հիմնուած չէ մէկ արժէքի կամ երեւոյթի վրայ. յաջողութիւնը բազմաթիւ արժէքներու միախմբումն է.
Վաղը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք, որ նախընթաց օր Երեւանի մէջ շփումներ ունեցած էր, Պաքու անցնելով տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու պարագային հաւանական կը դառնայ փոխադարձաբար միջազգային հայցերու չներկայացումը։
Հայ երաժշտութեան անմոռանալի եւ անկրկնելի հանճարներէն Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական փառաշուք երեկոյթը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ թէ՛ կատարումներու մակարդակով ու որակով եւ թէ երաժշտասէրներուն պարգեւած բարձր տրամադրութեամբ:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ հայաստանի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը կը շարունակէ մշակութային նախաձեռնութիւններով ի յայտ բերել նոր տեսլական մը, որով հասարակաց արժէքներու հիման վրայ կը բիւրեղանան բարի ցանկութիւնները ։
Նաիրի Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին ձեռնարկը բնորոշուեցաւ արտակարգ ոգեւորութեամբ, որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։
Պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Այշէ Ուզէր, ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
CRR-ի բեմին վրայ ջութակահարուհի Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահարուհի Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան հմայեցին երաժշտասէրները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հեռախօսով կը խօսէի Գրիգոր Սարկաւագ Գալփաքճեանի հետ, երբ խօսքը հասաւ Մարկոսի Աւետարանի Դ 26-29 համարի «Աճող սերմին առակ»ին, ան ինծի ուղարկեց պարտէզի վրայ հետզհետէ աճող խոտերու յաջորդաբար նկարներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին կը շարունակենք յաջողութեան համար գրուած լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն՝ անգլիացի գրող Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութեան վերլուծութիւնը. իր վերջին տողերուն մէջ բանաստեղծը կը խօսի կիրքը զսպելու մասին. «Եթէ թաղես կիրքի րոպէն վաղանցուկ»։
Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, աշխարհի յառաջատար երկիրներու՝ այսինքն մեծագոյն տնտեսութիւններու ղեկավարները ծաւալեցին բազմակողմանի քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան երկրագունդի հրատապ օրակարգին՝ կլիմայի փոփոխութեան, սովի վտանգաւոր հեռանկարներուն եւ այլ յարակից հարցերուն շուրջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան երկու հարեւան երկիրներու համատեղ օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու։
Անգարա կը շարունակէ խրախուսական արտայայտութիւններով հանդէս գալ Հարաւային Կովկասի ապագային համար։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը մօտ է՝ աւելի քան երբեք։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան չմսխեն այս պատմական հնարաւորութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ծով կարիքներու դիմագրաւման հարցը միշտ այժմէական:
«Հայրենիքի հետ, հայրենիքի համար» կարգախօսը դարձեալ ի զօրու՝ առկայ թէժ օրակարգի առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ։ Բօթը լայն արձագանգ գտած ու խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս։