Արխիւ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ ներկայիս կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը կ՚ընթանայ երեք հիմնական ուղղութեամբ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած COP29 գագաթաժողովին ան բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի կեդրոնանան այդ երեք առաջնահերթութիւններուն վրայ, որոնք կը վերաբերին կլիմայի փոփոխութեան։
Աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան հասնելու խթանում:
Երեւան «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը յառաջ կը քշէ՝ որպէս տնտեսական զարգացման, ուստի, նաեւ կայունութեան գրաւական:
Ըստ Հիքմէթ Հաճիեւի՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպումը դրական ազդակներ ստեղծած է շարունակութեան համար:
COP29 գագաթաժողով. Պաքուէն յայտարարուեցաւ, որ Երեւանի հետ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին շուրջ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին յաջորդ ամիս:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ֆիտան եւ Պլինքըն անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին կացութեան։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներս այժմէական նիւթերու շուրջ զրոյց:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Սինան Աքսուի եւ Ատնան Էրթէմի հետ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ս. Քաղաքի վիճակաւորը՝ Հուսամ Նաում արքեպիսկոպոսը, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ հայոց վանքը:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիոնիզմը, գաղութատիրութիւնն ու կայսերապաշտութիւնը, պաղեստինեան յեղափոխութեան գլուխը կ՚ուզեն:
Պաղեստինեան յեղափոխութիւնը սիոնիզմի, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան գլուխը կ՚ուզէ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Չորս տարի առաջ, նոյեմբերի 9-ին, Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ստորագրած յայտարարութեամբ դադար տրուեցաւ՝ սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը պայքար է, եւ ամէն պայքար անձկութիւն, սրտնեղութիւն, հոգ եւ մտապէս յոգնածութիւն կը պատճառէ մարդուս։ Եւ քանի որ կեանքի պայքարը մշտատեւ է մարդկային կեանքի մէջ, եւ մարդ տեւապէս կ՚ընկճուի, կը ճնշուի այս պայքարին պատճառած լուծին ներքեւ եւ, անշուշտ, պահանջքը կը զգայ հանգստանալու, լուծին պատճառած ծանրութիւնը մեղմացնելու՝ թեթեւցնելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդիկ լուծումներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն իրենց կեդրոնացումը կը դնեն խոչընդոտներու վրայ: Բնական է, որ մարդ կեդրոնանայ իր դիմաց դրուած խնդիրներուն, սակայն այդ մէկը բնականաբար մարդուն մօտ կը ստեղծեն ժամանակի սահմանափակում. մեր դիմաց դրուած խնդիրները մեզ կը յոգնեցնեն եւ կը շեղեն մեր ուշադրութիւնը եւ յաճախ արգելք կ՚ըլլան, որպէսզի յաջողինք առողջ ձեւով մտածել, մոռնալով որ լուծումը ուշադրութիւնը խնդիրին վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն լուծումին վրայ կեդրոնացնելն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ պէտք չէ չար մարդոց նախանձիլ:
Պատասխան. Առակաց 24-րդ գլուխին սկիզբը կը կարդանք. «Չար մարդոց մի՛ նախանձիր ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար. վասնզի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին» (Առ 24.1-2):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ արժէ՛ք մըն է, եւ իւրաքանչիւրը ունի յատկութիւն մը, շնորհ մը եւ ձիրք մը։ Կարեւորը՝ մարդուն իր արժէքին, իր ձիրքերուն անդրադառնալն է եւ մանաւանդ չբաղդատել ինքզինք ուրիշի հետ եւ կարծել, որ ինք թերութիւններ ունի եւ տկար է իր շուրջիններուն նկատմամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ շատ անգամ կը մտածեն, որ նպատակներուն քիչ քիչ մօտենալը երբեք չմօտենալէն լաւ է. իրականութեան մէջ տեսականօրէն ճիշդ ըլլալ կը թուի, սակայն մասնագէտներ կը յայտնեն, որ ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը կիսատ կատարուած գործն է. շատ պարզ մարդկային օրինակով ըսենք այսպէս. դպրոցէն ետք իր ամբողջ ժամանակը դասին տրամադրո՞ղը շատ աւելի լաւ կրնայ սորվիլ ու յաջողիլ, թէ ան՝ որ դպրոցէն ետք բանուորութիւն կ՚ընէ ու ժամանակ չ՚ունենար դասերը սորվելու. վստահաբար առաջինը. նոյնն է նաեւ յաջողութեան պարագային։
Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ յայտնեց, որ «Արմսաթ-1» արբանեակի տիեզերք ուղարկման նպատակը չէ եղած երկրի բոլոր խնդիրներուն լուծումը։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնին կոչուեցաւ Արմինէ Աֆէեան, որ կը յաջորդէ Արման Ջիլաւեանին։ Այս վերջինը կազմակերպութիւնը ղեկավարած էր հիմնադրման հաստատման առաջին տասնամեակին։
Պաքուէ ներս արդէն ընթացքի մէջ է COP-29 կլիմայի գագաթաժողովը, որ կը համախմբէ ՄԱԿ-ի համապատասխան շրջանակային պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու ղեկավարները։
Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղեալ քաղաքական գործընթացը վերակենդանացնելու համար ջանքեր:
Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները կը շփուին Աստանայի ձեւաչափին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ տեսակցեցաւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարիա Սթեներկարտի հետ՝ դէպի Սթոքհոլմ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ուքրայնայի իրավիճակը։
Էրտողան անբաւարար կը նկատէ մահմետական երկիրներու հակազդեցութիւնը Իսրայէլի դէմ:
Հանրապետութեան նախագահը Ռիատի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ: