Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Արայի լեռը կրնայ զբօսա­շրջային վայր դառնալ: Այս մա­սին յայտնած է Հայաս­տա­նի Զբօսաշրջութեան պետա­կան կոմիտէի նախագահ Զար­մինէ Զեյթունցեան

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հրէա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ շուրջ 40-50 ոչ-հայ ու­սա­նող­ներ կ՚ու­սում­նա­սի­րեն հա­յոց լե­զու, հայ­կա­կան մշա­կոյթ ու պատ­մու­թիւն: Այս մա­սին աւստը-­րա­լիա­կան SBS-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին պատ­մած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, Փրոֆ. Մայ­քըլ Սթոն, որ իր ամ­բողջ կեան­քը նուի­րած է հա­յոց լե­զուի ու­սում­նա­սի­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ «Դաւիթեան» հիմնադրամը միշտ կապի մէջ:
Երիտասարդներու կրթութեան եւ բարձրակարգ վերապատրաստման համար տարուած աշխատանքը գնահատանքի առարկայ:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գի Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նի հա­յա­շատ  բնա­կա­վայ­րե­րէն Կլեն­տէյ­լի մէջ Վար­դան Կա­րա­պե­տեան կոչուե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նի։ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մա­յի­սի 1-ին Կլեն­տէյ­լի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին քուէար­կու­թեան եւ ար­դիւն­քին միա­ձայ­նու­թեամբ քա­ղա­քա­պետ ընտ­րե­ցին Վար­դան Կա­րա­պե­տեա­նը։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով Եու­րի Խա­չա­տու­րով ա­զա­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նէն։ Հարկ է նշել, որ ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բի դրու­թեամբ Եու­րի Խա­չա­տու­րով կը կո­չուի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

​Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս շրջապ­տոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Սեւ ծո­վու ա­րեւմ­տեան հա­տուա­ծի բնա­կա­վայ­րեր։ Ար­հես­տա­վարժ յա­տուկ ու­ղե­ցոյ­ցի մը ներ­կա­յու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս շրջա­գա­յու­թեան ծրա­գի­րը ընդգր­կեց՝ Սաֆ­րան­պո­լուն, Ա­մաս­րան, Զոն­կուլ­տա­քը եւ մեր­ձա­կայ տա­րածք­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուրկէ ալ պիտի ուղեւորուի դէպի Մոսկուա՝ մասնակցելու համար ԳՀԽ-ի ժողովին:
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին միջոցաւ հերքեց իր հրաժարականին վերաբերեալ լուրերը, որոնք շրջանառութեան մէջ մտան Հայաստանի կարգ մը կայքէջերու հաղորդումներով: Նորին Սրբազնութիւնը դրական կը նկատէ 24 Ապրիլի պատգամին ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Վահ­րամ Վար­դա­նեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր՝ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին ըն­դա­ռաջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 130-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած է յա­տուկ ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագ­րուած է՝ «Հայ դպրո­ցը՝ ան­ցեա­լէն դէ­պի այ­սօր»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րուն կող­մէ ան­ցեալ Ապ­րի­լի 6-ին Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ռմբա­կո­ծուած էր Շայ­րաթ օ­դա­յին ռազ­մա­խա­րիս­խը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալուի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Սոչիի բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին ամենայն մանրամասնութեամբ օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

«Էլ Ճեզիրէ» մասնաւոր նախագծի մը ձեռնամուխ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ:
Քաթարակեդրոն հեռուստակայանի Իսթանպուլի գրասենեակէն ներկայացուցիչներ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

​Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Էլ Ճե­զի­րէ» ա­րա­բա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նը փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կած է՝ Լեռ­նա­յին Ղա­ղա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ այս հե­ռուս­տա­կա­յա­նին կեդ­րո­նը կը գտնուի Քա­թա­րի մէջ եւ ամ­բողջ աշ­խար­հով մէկ սփռում­ներ կը կա­տա­րէ՝ ա­րա­բե­րէն, թրքե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ան­ցեալ դա­րաշր­ջան­նե­րուն եւ ներ­կայ դա­րուս իսկ ե­րազ­նե­րու առ­կա­յու­թիւնն ու մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը միշտ ալ մար­դոց անժխ­տե­լի ու մնա­յուն նիւթն են դար­ձած։ Մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը, որ կրնայ «փո­խա­կեր­պել» հա­մակ կեանքդ եւ կա­խում­նա­ւո­րել քեզ այդ գձուձ ու հիմք չու­նե­ցող բա­ցատ­րու­թեամբ։ Ե­րազ մը, որ կրնայ քեզ յո­ռե­տե­սու­թեան կամ լճա­ցած վի­ճա­կի ա­ռաջ­նոր­դել, պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար՝ որ կեանքդ ա­ռըն­չած ես ե­րազ­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ կան հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­ներ, հա­կադ­րու­թիւն­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ ա­րարք­ներ։ Այն որ ու­շադ­րու­թեամբ կը դի­տէ կեան­քի ա­մէն մէկ ե­ղե­լու­թիւն, կը տես­նէ, թէ հոն կա՛ն ա­մե­նէն մե­ղա­պարտ, աղ­տոտ եւ ստո­րին ա­րարք­ներ եւ նաեւ՝ ա­մե­նէն մա­քուր, բա­րի եւ ազ­նիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ նոյն ան­ձին կող­մէ՝ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու կամ շրջան­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծուած։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ կան հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­ներ, հա­կադ­րու­թիւն­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ ա­րարք­ներ։ Այն որ ու­շադ­րու­թեամբ կը դի­տէ կեան­քի ա­մէն մէկ ե­ղե­լու­թիւն, կը տես­նէ, թէ հոն կա՛ն ա­մե­նէն մե­ղա­պարտ, աղ­տոտ եւ ստո­րին ա­րարք­ներ եւ նաեւ՝ ա­մե­նէն մա­քուր, բա­րի եւ ազ­նիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ նոյն ան­ձին կող­մէ՝ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու կամ շրջան­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծուած։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեանն ու հա­մա­նուն միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Մա­տա­կա­րար մարմ­նի աշ­խոյժ ան­դամ­նե­րէն Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճըն։ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հա­մախմ­բուի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րուան առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

​Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հնդկաս­տան, ուր շփում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հնդկաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրա­նապ Մու­խեր­ճի Նոր Տել­հիի մէջ ընթ­րիք մը սար­քեց ի պա­տիւ Էր­տո­ղա­նին, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ իր եր­կի­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ԵՄ-ի հովանաւորած Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման խրախուսման ծրագրի շրջանակէն ներս:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ այս առաւօտ կազմակերպուած նիստի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակուած պատգամին մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը նոր յոյսերու եւ լաւատես ակնկալութիւններու ծնունդ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն ծիլ տուած է թարմ երկխօսութիւն մը՝ աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապի յաղթահարման համար: Երկու սրբազանները թէեւ ունին տարբեր մօտեցումներ, սակայն հակուած չեն հարցերը անձնականացնելու ու պատրաստակամ են լուծման համար համատեղ աշխատանքի:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքէս բաժնուած է զգացականութեամբ, Գերմանիոյ մէջ կը սպասէ լաւ լուրերու եւ իր Իսթանպուլ գալու թուականը առայժմ անստոյգ 

Էջեր