Արխիւ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացի խոչընդոտներուն։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էտուարտ Շարմազանով վերջին օրերուն հանդէս եկաւ իրերայաջորդ հրապարակումներով։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յաղթահարած է իր հիւանդութեան բարդ փուլը։
Սուրիոյ արիւնալի իրադարձութիւնները մտահոգութեամբ կ՚ընկալուին հայաշխարհին կողմէ՝ մանաւանդ, որ վերջին բախումներուն երկու հայ զոհ գացած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանէն տեղեկացուեցաւ, որ այս պահուն անհնար է Սուրիայէն հայոց տարհանումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան պարգեւատրուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) ոսկէ մետայլով։
«Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ Հայաստան կ՚աշխատի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար»:
Արարատ Միրզոյեան-Սուպրահմանեամ Ճայշանքար հանդիպում. համագործակցութիւնը կը խորանայ նոր փաստաթուղթերու ստորագրումով:
Միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Ճիտտէի վրայ, ուր Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ՝ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրայնայի միջեւ։
Դամասկոսի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն:
«Ալեւիներու գրգռութիւնը խափանարարութիւն է, կալուածական ճարտարագիտութիւնը անկարելի»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն, զիրար սիրել, աստուածսիրութիւն, այս բոլորը ներկայ մարդուն համար յաճախ անիմաստ եւ ժամանակավրէպ բաներու վերածուած են, եւ այս «սիրութիւն»ներուն փոխարէն մարդուն էութեան մէջ խորապէս սկսած է արմատաւորուիլ եսասիրութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս այսօր, անցեալին նոյնպէս հասարակութիւններ մեծ տեղ տուած են հագուստին, անոր լրացումներուն եւ առհասարակ կարեւորուած է մարդու ներկայանալի տեսքը։ Բարեկեցիկ հասարակութեան մէջ առաւել եւս միշտ ալ գնահատելի եղած է լաւ հագուկապը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ պէ՞տք է իր լսած գովասանքը կամ փառաբանութիւնը նկատի առնէ, կամ փորձութեան ենթարկէ:
Պատասխան. Առակացի իմաստուն հեղինակը այսպէս կը պատասխանէ. «Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոկին կը փորձէ, այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ» (Առ 27.21):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դաւիթէն սկսեալ մինչեւ Մեսիային գալուստը, Սուրբ Գիրքը կը բովանդակէ աղօթքի էջեր՝ որոնք կը վկայեն ինքնիր կամ ուրիշին համար կատարուած աղօթքին խորացումին. (ԵԶՐ. Թ 6-15), (ՆԷՄ. Ա 4-11), (ՅՈՎՀ. Բ 3-10), (ՏՈԲ. Գ 11-16), (ՅԴԹ. Թ 2-14)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք իսլամական կրօնը, պիտի տեսնենք, որ ինչպէս շատ մը ուրիշ կրօններ, այս մէկը եւս հիմնուած է բարոյականութեան, մարդասիրութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ. սակայն, վերջին տասնամեակին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմները, ահաբեկչական գործողութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունենալով ի դէմ աշխարհին՝ փոխեցին իսլամի դիմագիծը՝ իսլամը նոյնացնելով բռնութեան, ոճիրի, խոշտանգումի եւ արիւնահեղութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կան որոշ մարդկային բնութիւններ, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր մարդկային խառնուածքին անբաժանելի մէկ մասն են: Այնպէս, ինչպէս ուրախութիւնը, սարսափը կամ այլ զգացում, զայրոյթը եւս բնազդային արձագանգ մըն է։
Ղալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ աւանդական ղափաման պատրաստելու ուղղեալ աշխատանոց մը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս, ներկայ ուսման շրջանի երկրորդ եռամսեան կը բնորոշուի՝ մասնաւորապէս մարմնամարզի ձեռնարկներու աշխուժութեամբ։ Շաբաթավերջին, համայնքային 14 վարժարաններու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ Տատեանի երդիքին տակ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նոր ղեկավարութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աշխարհային հաճոյքները մարդուն դէմ եղող ամենէն մեծ փորձութիւններն են, որոնց եթէ կարենայ դիմադրել ու յաղթել մարդը, ապա վստահաբար միւս փորձութիւններն ու դժուարութիւնները կրնայ աստիճանաբար եւ Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ յաղթահարել ու յառաջանալ դէպի նպատակակէտ՝ դէպի Երկինքի Արքայութիւն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս շփումը նախորդեց՝ յառաջիկային Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած ԱՄՆ-Ուքրայնա բանակցութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ռիատի մէջ։